ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկը նախաձեռնած է հայերէնով լոյս ընծայել Մոսկուայի մէջ լոյս տեսնող «Յոյժ գաղտնի» հատորի Հայաստանին վերաբերող հատուածները: Այս մասին յայտնած է հիմնարկի փոխտնօրէն Գնէլ Գրիգորեանը եւ նշեց, որ հատորին մէջ պիտի ընդգրկուին նշեալ աշխատանքին մէջ տեղ գտած 1923-1929ին Խորհրդային Հայաստանէն Մոսկուայի ղեկավար մարմինին փոխանցուած գաղտնի նիւթերը եւ փաստաթուղթերը:
Գրիգորեան տեղեկացուց նաեւ, որ արդէն պատրաստ է հայ պարբերական մամուլի պատմութեան երկհատորեակը: