Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14ին, ռաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելութիւն մը տուաւ Օրէնճ Քաունթիի «Արի Կիրակոս Մինասեան» ազգային վարժարանը եւ դիմաւորուեցաւ տնօրէնին, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն ու վարժարանի մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Վերամուտի այցելութեանց ծիրին մէջ տեղի ունեցող այս այցելութեան ընթացքին, առաջնորդ սրբազանին կ՚ընկերանային եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ քհնյ. Երէցեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ դոկտ. Կարօ Յակոբեան։
Առաջնորդ սրբազանն ու ընկերակիցները այցելեցին բոլոր դասարանները եւ հետեւեցան աշակերտներուն ուսումնառութեան աշխատանքներուն։ Աշակերտները ներկայացուցին արտասանութիւններ։
Աւելի ուշ, առաջնորդ սրբազանը եւ ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան հետ, խորհրդակցելով վարժարանին իրագործումներուն ու դիմագրաւած հարցերուն մասին։ Հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նաեւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեան վարչութեան հետ, քննարկելու համար անոնց աշխատանքներն ու ծրագիրները։ Վերջապէս, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նաեւ Օրէնճ Քաունթիի գաղութի մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ, քննարկելու համար շրջանը յուզող հարցեր ու ծրագիրներ։