ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Գիւմրիի Մ. Նալբանդեանի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկին մէջ Դեկտեմբեր 10ին սկսած է ամէնամեայ հանրապետական գիտական երկօրեայ նստաշրջանը՝ մասնակցութեամբ տարբեր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու դասախօսներու, գիտնականներու եւ քաղաքական գործիչներու:
Գիտաժողովի ընթացքին պիտի ներկայացուին քաղաքագիտութեան վերաբերեալ շուրջ 140 աշխատութիւններ, որոնք հետագային պիտի հրապարակուին:
Նշենք, որ գիտաժողովի լիագումար նիստին ներկայացուած են քաղաքագիտութեան դոկտոր Հենզէլ Մանուչարեանի եւ Գիւմրիի մանկավարժականի դասախօս Վարդան Հախվերդեանի զեկոյցները: Բանախօսները ներկայացուցած են վերջին տասնամեակին Հայաստանի մէջ քաղաքագիտութեան զարգացման գործընթացը եւ կարեւորութիւնը: