ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի բացման 40ամեակին առիթով, Երեւանի մէջ, Նոյեմբեր 27-28ին կազմակերպուած է «Յիշողութիւնից յիշատակում» միջազգային գիտաժողովը՝ նուիրուած հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան:
Ըստ Ցեղասպանութեան թանգարանի մամլոյ քարտուղար Արեւիկ Աւետիսեանի, գիտաժողովի ընթացքին զեկուցումներ պիտի ներկայացնեն Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան, ինչպէս նաեւ հայ եւ արտասահմանեան գիտնականներ:
Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրի կառուցման մասին որոշումը տրուած էր 1965ին, Հայկական Ցեղասպանութեան 50րդ տարելիցի կապակցութեամբ եւ յայտարարուած մրցոյթի արդիւնքով, յուշահամալիրի կառուցման ճարտարապետներ դարձան Արթուր Թարխանեան եւ Սաշուր Քալաշեանը: Յուշարձանի բացումը տեղի ունեցաւ 1967ի Նոյեմբեր 19ին: