ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Արտաքին գործոց փոխնախարար Գեղամ Ղարիբջանեան Դեկտեմբեր 12ին ընդունեց Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտակրթական կեդրոնի քաղաքագիտութեան բաժինի ուսանողները: Փոխնախարարը ուսանողներուն ներկայացուց նախարարութեան պատմութիւնը եւ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ տեղեկացուց Հայաստանի կողմէ վարուող արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններու եւ առաջնահերթութիւններու մասին:
Պատասխանելով ուսանողներու հարցերուն՝ փոխնախարար Ղարիբջանեան անդրադարձաւ հայ-թրքական, հայ-վրացական եւ հայ-իրանական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումներուն: