ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայք» սթիւտիոյին մէջ կը նկարահանուի Նախիջեւանի մասին «Նախիջեւան, կորուսեալ երկիր» վաւերագրական շարժանկարը, որու նկարահանման աշխատանքները պիտի աւարտին յաջորդ տարի եւ բեմադրիչն է Խաչատուր Մարգարեան:
Նոյեմբեր 21ին այս մասին յայտնեց հանրայայտ բեմադիչ, շարժանկարի մասնագէտներու միութեան նախագահ Ռուբէն Գեւորգեանց եւ նշեց. «Նոր սերնդին քիչ բան է յայտնի Նախիջեւանի մասին: Շարժանկարը ներկայացնում է Նախիջեւանի պատմութիւնը, ազգագրութիւնը, նիստ ու կացը, գողթան երգերը: Պատմուելու է Նախիջեւանի պատմական կոթողների մասին»:
Շարժանկարին մէջ պիտի ներկայացուի նաեւ Նախիջեւանի հարցը եւ բազմաթիւ պատմական փաստեր, օրինակ՝ 1920ի Կովկասի քաղբիւրոյի որոշումը, որուն համաձայն Նախիջեւանը միացուեցաւ Ատրպէյճանին:
«Կարծում եմ՝ ազգերի միջեւ ծագած խռովութիւնները սխալ պայմանագրերի հետեւանք են: Դրանք դեռ շարունակուելու են, քանի դեռ լուծում չեն ստացել», աւելցուց Ռ. Գէորգեանց: Ան յայտնեց նաեւ, որ «նիւթերի պակաս, այնուամենայնիւ կայ: Եւ եթէ անհատ անձինք հնարաւորութիւն ունեն աջակցելու մեզ, երախտապարտ կը լինենք»: