Մեր պատմութիւնը արձանագրած է անուններ, որոնք սոսկական անհատներ բնորոշելէ անդին, դարձած են խորհրդանիշ ու կոթող։ Նման դէմքեր ոչ միայն մարմնաւորումն են իրենց ապրած դարաշրջանի հարցերուն, իրագործումներուն եւ զարգացումներուն, այլ նաեւ արտայայտութիւնն են դարձած ժողովուրդի կեանքին, ապրումներուն, տենչերուն ու պահանջներուն։
Աւելին, նման կոթողական դէմքեր նաեւ մաս կազմած են մեր ազգային աննիւթական հարստութիւններուն, որովհետեւ անոնք չեն սահմանափակուած պատմութեան որոշ մէկ ժամանակաշրջանին մէջ, այլ խորտակած են ժամանակի սահմանները, իրենց անունն իսկ դարձած է պատգամի խորհրդանիշ՝ հետագայ բոլոր սերունդներուն համար, մեզի ու վաղուան ծնունդներուն համար։
Նման տիրական դէմք է Մկրտիչ Խրիմեան կաթողիկոսը, աւելի ծանօթ՝ Խրիմեան Հայրիկ կամ Հայոց Հայրիկը անուններով, որոնք ժողովուրդին կողմէ արդարօրէն տրուած են այս մեծ հայուն։
Այս տարի, Հայրիկին վախճանման 100րդ տարեդարձն է։ Ազգային առաջնորդարանը Երեքշաբթի, 27 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ յատուկ հանդիսութեամբ մը պիտի նշէ այս տարեդարձը։ Պիտի բանախօսէ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր։
Մեր ժողովուրդը հրաւիրուած է Հայոց Հայրիկին ու անոր անժամանցելի պատգամներուն հետ հաղորդակցութեան պահ մը բոլորելու այդ երեկոյ։
ՈՒՐՈՒԱԳԻԾ
19րդ դարու սկիզբին, 1820ին ծնած Հայրիկ, մօտաւորապէս դարու մը երկայնքը ունեցող իր հարուստ ու բազմերես կեանքով, գործնապէս մարմնաւորած է թէ՛ մեր ժողովուրդին տառապանքը, դարաշրջանի պատմութիւնն ու պայքարը, եւ թէ իր գրական հարուստ ժառանգութեամբ եւ մանաւանդ Պերլինի վեհաժողովէն ետք իր արտասանած հռչակաւոր ճառով՝ Երկաթէ շերեփի պատգամով, մինչեւ օրս ալ կը մնայ մեր իրաւունքներու հետապնդման անփոխարինելի մէկ ուղիին պատգամախօս-ռահվիրան։
Իր իմացական կեանքի ուղին իբրեւ ուսուցիչ եւ ուսումնատենչ ուսանող բացած Մկրտիչ Խրիմեան, ընտանեկան ողբերգութիւններէ ետք, կը յարի եկեղեցւոյ ճամբով ժողովուրդին ծառայելու առաքելութեան ու անոր կեանքի հանգրուանները կը կերտուին յարաճուն հեւքով մը։ Կ՚ըլլայ վանահայր ու Հայասատանի հողին վրայ առաջին տպարանի հիմնադիր, խմբագիր-հրատարակիչ, ապա կը հասնի Պոլսոյ մեր պատրիարքութեան աթոռին։ Մասնակից կը դառնայ մեր Ազգային սահմանադրութեան մշակումին ու յարակից զարգացումներու, նուաճումներու։ Հաւասարապէս պայքարած է ժողովուրդի ներազգային իրաւունքներուն թէ պետութենէն սպասումներուն ի խնդիր, իսկ այդ պետութիւնները եղած են Օսմանեան ու Ռուսական կայսրութիւնները…։ Թրքական բռնատիրութեան դէմ նաե՛ւ զէնքով պայքարելու ուղին պաշտօնապէս հռչակելէ 25 տարի ետք, նոյն կամքով ու յանդգնութեամբ գլուխ բարձրացուցած է Հայ եկեղեցւոյ կալուածները բռնագրաւելու ելած ցարական բռնատիրութեան դէմ ու շահած՝ այդ ճակատամարտը։ Իսկ այս ակներեւ ու շատ ծանօթ իրագործումներուն կողքին, Խրիմեան Հայրիկի անուան կապուած են ժողովուրդի զարգացման, բարօրութեան ի խնդիր անոր անպարագիծ աշխատանքները, պատգամներն ու գրեթէ ամբողջ գրական ժառանգութիւնը, որոնք զինք արդարօրէն բարձրացուցած են Հայոց Հայրիկը կոչուելու պատուանդանին։
87 բեղմնաւոր ու բեռնաւոր տարիներու Հայրիկին կեանքը եթէ ֆիզիքապէս վերջ գտած է դար մը առաջ, ան այնուհետեւ միացած է մեր ժողովուրդի անմահներու պաշթէոնին, որուն հիմը դրած է Հայկ նահապետ եւ որուն դարպասէն ներս մտած են Մամիկոնեան իշխանները, Մեսրոպ Մաշտոցն ու մեր նորագոյն պատմութիւնը կերտող մտաւորականներն ու ֆետայիները։
Այս տողերը միայն ուրուագիծ մըն են մեծ հայուն մասին։ 27 Նոյեմբերի հանդիսութիւնը առիթ պիտի ըլլայ անցնելու այս ուրուագիծէն անդին ու յարգանք մատուցելու իր յիշատակին։