ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Այս տարուան ընթացքին բրիտանական ուժերու կողմէ Իրաքի զինուորական ուժերուն յանձնուած հարաւային Իրաքի մէջ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12ին տեղի ունեցած երեք յաջորդական պայթումներու ընթացքին սպաննուեցան առնուազն 41 հոգի եւ վիրաւորուեցան 150 ուրիշներ:
Ընդհանրապէս շիիներով բնակեցուած հարաւային Իրաքը սովորաբար հեռու մնացած էր նման ահաբեկչական արարքներէ, սակայն տեղական աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ շիի զինեալ խմբաւորումերու միջեւ հակամարտութիւններ գոյութիւն ունին շրջանին մէջ:
Նոյն օրը, արեւելեան Պաղտատի ընդհանրապէս քրիստոնեաներով բնակեցուած շրջանի մը մէջ ոստիկանական թիրախի մը վրայ յարձակումին հետեւանքով սպաննուեցան առնուազն հինգ հոգի եւ վիրաւորուեցան 13 ուրիշներ:
Երեքշաբթի օր, ականուած ինքնաշարժով անձնասպանական գործողութիւն մը թիրախ դարձուց Իրաքի նախկին վարչապետի մը գրասենեակը՝ սպաննելով երկու պահակ։ Ականահարումը տեղի ունեցաւ արեւմտեան Պաղտատի մէջ, յետ սատտամեան Իրաքի առաջին վարչապետ, Իյատ Ալլաուիի եւ Իրաքեան ազգային երկխօսութեան ճակատ սիւննի համախմբումի ղեկավար Սալէհ Մութլաքի գրասենեակները պարփակող շէնքերուն մօտ։ Պայթումին ընթացքին անոնցմէ ոչ մէկը կը գտնուէր իր գրասենեակին մէջ։ Գրասենեակները կը գտնուին բնակարանային շրջանի մը մէջ եւ շրջանի բազմաթիւ բնակարաններ գրասենեակներու վերածուած են, որովհետեւ այդ շրջանը մօտ է «Կանաչ գօտի»ին, ուր իրաքեան կառավարութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի։
Մութլաք յայտնեց, որ յարձակումը դարձեալ ցոյց կու տայ, թէ «ոստիկանութիւնն ու բանակը վերականգնելու ժամանակը հասած է»։
Նաեւ, Պաղտատի մէջ զինեալներ Երեքշաբթի օր սպաննած են Իրաքի մեծագոյն հոգեբուժարանի ղեկավարը։ Ըստ տարուան սկիզբը հրապարակուած Իրաքի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն՝ 2003 թուականէն ի վեր երկրին տարածքին առողջապահական մարզի 618 աշխատաւորներ, ներառեալ՝ 132 բժիշկներ եւ հիւանդապահներ սպաննուած են։
Կ՚ենթադրուի, որ առողջապահական մարզի հարիւրաւոր եւ հաւանաբար հազարաւոր այլ աշխատաւորներ բռնարարքներէն խոյս տալով ապաստանած են հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանը, ինչպէս նաեւ դրացի երկիրներ։