ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12ի առաւօտեան ժամը 7ին, ուժգին պայթում մը ցնցեց Լիբանանի նախագահի նստավայրը հանդիսացող Պաապտան, որու հետեւանքով սպաննուեցան լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան հրամանատար զօր. Ֆրանսուա Հաժ եւ առնուազն երկու ուրիշներ:
Մինչ քաղաքական բոլոր կողմերը կը դատապարտէին ոճրային արարքը, ի յայտ եկաւ, որ հրամանատարը ընդդիմութեան ղեկավարներէն՝ երեսփոխան զօր. Միշէլ Աունի կողմէ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Միշէլ Սլէյմանի նախագահ ընտրութենէն ետք, բանակի հրամանատարութիւնը ստանձնելու թեկնածու առաջադրուած էր:
Յայտնենք, թէ իբրեւ բանակի գործողութեանց տնօրէն զօր. Հաժ գլխաւորած էր հիւսիսային Լիբանանի մէջ «Ֆաթհ իսլամ»ի դէմ պատերազմը եւ մօտիկ կապեր ունէր նաեւ «Հըզպալլա»ի հետ, որ զօր. Հաժի սպանութիւնը «ազգային մեծ կորուստ» նկատեց:
Աուն եւս «ապահովական աղէտ» որակեց ոճիրը, մինչ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտարարեց, թէ ոճիրին նպատակը նախագահական ընտրութիւնը ձախողութեան մատնել էր:
Սուրիա եւս դատապարտեց զօր. Հաժի սպանութիւնը, աւելցնելով, թէ անոր սպանութիւնը նպաստաւոր է «Իսրայէլի ու անոր լիբանանցի գործակալներուն»։
Իր կարգին, երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթի գլխաւորած Ժողովրդավարական հանդիպում համախմբումի անդամ երեսփոխան Անթուան Անտրաոս յայտնեց, որ պայթումը «քանդած է քաղաքական երկխօսութիւնները» եւ զայն «սուրիական պատգամ մը» համարեց։
Քաղաքական մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ նկատի ունենալով, որ զօրավարը հակասուրիական կեցուածք մը չունէր, զայն իրագործողներուն նպատակը կրնայ ըլլալ լիբանանեան բանակին մէջ եւս պառակտում ստեղծելը:
Ոճիրէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցած ամբաստանութեանց ակնարկելով, Աուն նաեւ «ամօթալի» որակեց ոճիրը շահագործելու կարգ մը քաղաքական կողմերու դիրքորոշումը: