ԿԱԶԱ, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12ին, Աննափոլիսի խորհրդաժողովին որոշումներուն լոյսին տակ Իսրայէլ-պաղեստինեան բարձրաստիճան բանակցութիւններուն առաջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի մէջ, մինչ պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութիւնը կը դատապարտէր Երեքշաբթի օր Կազայի մէջ տեղի ունեցած իսրայէլեան նորագոյն զինուորական գործողութիւնը, որու հետեւանքով վեց պաղեստինցիներ եւս սպաննուած էին:
90 վայրկեան տեւած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, պաղեստինեան կողմը դարձեալ պահանջեց Իսրայէլի իշխանութիւններէն, որ անմիջապէս կասեցնեն պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն վրայ ապօրինի բնակեցման վայրերու կառուցումը ու դատապարտեց Կազայի մէջ շարունակուող իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնները:
Պաղեստինեան իշխանութեան մօտիկ կարգ մը շրջանակներ բանակցութեանց չներկայանալու կոչ ըրած էին պաղեստինան կողմին, դատապարտելով Իսրայէլեան Հար Հոմա ապօրինի բնակավայրը աւելի եւս ընդարձակելու իսրայէլեան նորագոյն ծրագիրը, որ նոյնիսկ Ուաշինկթընէն հազուադէպ քննադատութեան թիրախ դարձած էր:
Բանակցութեան մասնակցող իսրայէլեան պատուիրակութեան աղբիւրները ընդունեցին, թէ բանակցութիւնները «լարուած» մթնորտի մէջ տեղի ունեցած են, միաժամանակ աւելցնելով, թէ իսրայէլեան կողմը պահանջած է պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումներուն չէզոքացումը եւ իսրայէլեան թիրախներու վրայ շարունակուող ռմբակոծումներուն կասեցումը:
Իսրայէլի վարչապեր Էհուտ Օլմերթի բանբեր Մարք Ռեկեւ յայտնեց, թէ այս առաջին հանդիպումէն մեծ ակնկալիքներ չկային արդէն: «Կողմերը պարզապէս իրենց մտահոգութիւնները բացայայտեցին», յայտնեց ան, աւելցնելով, թէ պատուիրակութիւնները երկու շաբաթ ետք հանդիպում մը եւս պիտի ունենան:
Իր կարգին, Կազան իր հակակշռին տակ պահող պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութիւնը դարձեալ կոչ ըրաւ պաղեստինեան իշխանութեան, որ կասեցնէ այս «անիմաստ» բանակցութիւնները եւ շեշտեց, թէ Չորեքշաբթի օրուան բանակցութիւնները «ցոյց կու տան, թէ Աննափոլիսի խորհրդաժողովը ձախողութիւն մըն էր»: