ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերը յայտարարեցին, թէ պիտի յանձնարարեն, որ 2006ին իրաքցի ըմբոստներուն օժանդակելու կասկածներով ձերբակալուած ամերիկեան «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութեան լուսանկարիչին դէմ քրէական ամբաստանութիւններ կատարուին։
Փենթակոնը կը յայտնէ, որ յաւելեալ փաստեր երեւան եկած են, որոնք կը վկայեն, թէ Պիլալ Հիւսէյն «ահաբեկչական գործակալ մըն է», որ վերոյիշեալ լրատու գործակալութեան մէջ ներթափանցած է։ Անոր դատը պիտի փոխանցուի իրաքցի դատաւորներու, որոնք պիտի որոշեն, որ ան պէտք է դատուի՞, թէ ոչ։
«Էյ.Փի.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իր կատարած հետաքննութիւնը յայտնաբերած է, թէ ան պատերազմի գօտիի մը մէջ գործող պարզ լրագրող մըն էր։ Գործակալութեան փաստաբանները կ՚ըսեն, թէ իրենց մերժուած է Հիւսէյնի այցելել եւ անոր դէմ ներկայացուած փաստերը տեսնել, անոր պաշտպանութիւնը գրեթէ անկարելի դարձնելով։ Հիւսէյն մաս կը կազմէր «Էյ.Փի.»ի լուսանկարիչներու այն խումբին, որ 2005ին հռչակաւոր «Փուլիցըր» մրցանակին արժանացաւ։
Ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտարարեցին, որ ան նախապէս կասկած յարուցած էր, որովհետեւ ան յաճախ կը գտնուէր ըմբոստներու կողմէ կատարուած յարձակումներու վայրերուն մէջ։
«Էյ.Փի.» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հիւսէյն Ապրիլ 2006 թուականին ձերբակալուած է Ֆալուճայի մէջ ականի մը պայթումէն ետք անծանօթներ իր բնակարանին մէջ պատսպարելէ ետք։ Հետագային ամերիկացի նաւազներ իր յարկաբաժինը եկան, ուր զինք եւ իր հիւրերը ձերբակալեցին՝ զանոնք նկատելով ըմբոստներ եւ միաժամանակ գրաւելով համակարգիչ մը եւ հեռաձայն մը։
Փենթակոն կը պնդէ, թէ Իրաքի մէջ ամերիկեան ղեկավարութեամբ ուժերը ունին «համոզիչ եւ անհերքելի փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ Պիլալ Հիւսէյն ըմբոստներուն հետ կապ ունեցող ու ապահովութեան եւ կայունութեան սպառնալիք հանդիսացող անձ մըն է»։
Ամերիկեան ուժերը նախապէս յայտնած էին, թէ Հիւսէյն ձերբակալուած է, որովհետեւ իր մօտ գտնուած են ականներու պատրաստման սարքեր, ըմբոստութեան քարոզչութիւն եւ ամերիկեան ուժերու դիրքերու նկարներ։
Հիւսէյն կրնայ մահուան դատապարտուիլ, եթէ բացայայտուի, թէ ըմբոստներուն կ՚օժանդակէր։
«Էյ.Փի.» կը տեղեկացնէ, որ անցնող 19 ամսուան ընթացքին ամերիկեան ուժերուն կողմէ Հիւսէյնի դէմ ոչ պաշտօնական տարբեր ամբաստանութիւններ ուղղուած են, սակայն առանց բացատրութեան անոնք յետս կոչուած են։ Գործակալութեան փաստաբան Տէյվ Թամլին յայտնեց, որ «երբ պահանջենք տեսնել, թէ ի՞նչը այնքան համոզիչ է, կը ստանանք պատասխան մը, որ երբեք ալ համոզիչ չէ»։ Գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ որեւէ փաստ գոյութիւն չունի, թէ Հիւսէյնի լուսանկարները համակարգուած էին ըմբոստներուն հետ: