ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի խոստացաւ շարունակել իր որդեգրած տնտեսական «բարեկարգումները», հակառակ երկրորդ շաբաթը ըլլալով տեղի ունեցող գործադուլներուն։ Ան յայտնեց, որ բարեկարգումները ուշացած են եւ անոնք կենսական են «աշխարհին կողմէ ներկայացուած մարտահրաւէրները դիմակայելու համար»։
Հարիւր հազարաւոր պետական պաշտօնեաներ Երեքշաբթի օր առաջարկուած բարեկարգումներուն հարցով միացան փոխադրութեան եւ ելեքտրականութեան պաշտօնեաներուն։ Միօրեայ այդ գործադուլը Մայիսին նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր Սարքոզիի բարեկարգումներուն դէմ ուղղուած բողոքի մեծագոյն արտայայտութիւնն էր։
Գործադուլի սկիզբէն ի վեր իր առաջին հանրային յայտարարութեան մէջ Սարքոզի ըսաւ, թէ «այս բարեկարգումները շատ երկար ատենէ ի վեր ձգձգուած են։ Այսքան տատամսումներէ, այսքան ձգձգումներէ եւ այսքան շրջադարձներէ ետք վայրէջքը կասեցնելու համար ամբողջական խզման կարիքը կայ»։ Ասպարէզ կարդացող կեցուածք մը որդեգրելով՝ ան յայտնեց, որ երբ քուէարկողները զինք ընտրեցին, իրեն տնտեսական բարեկարգումներ կատարելու լիազօրութիւնը տուին։
Նախագահը քաղաքապետներու հաւաքի մը ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ ըսաւ, թէ «այս ամբողջական խզումը ընտրարշաւի ընթացքին ես ֆրանսացիներուն խոստացայ։ Ֆրանսացիները զայն վաւերացուցին»։ «Պիտի չյանձնուինք եւ պիտի չնահանջենք», եզրակաուց Սարքոզի։
Նկարին մէջ, Երեքշաբթի օր Մարսէյլի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերէն տեսարան մը: