ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արազ Ազիմովի երեւակայութիւնը գերազանցեց նոյնիսկ ատրպեճանական չափանիշներով թոյլատրելի սահմանները, յայտարարեց ԼՂՀ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեան եւ աւելցուց, թէ նման յայտարարութիւն կատարած է նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով Դեկտեմբեր 10ին Պաքուի մէջ յայտարարած էր, թէ իր երկիրը պատրաստ է որեւէ ատեն «հակաահաբեկչական գործողութիւններ կատարել Լեռնային Ղարաբաղի դէմ»:
Աթանէսեան ըսաւ, թէ ըստ Ազիմովի, «Լեռնային Ղարաբաղում «իրականացուելիք հակաահաբեկչական գործողութիւնները» ուղղուած կը լինեն Քրտական բանուորական կուսակցութեան գրոհայինների դէմ։ Առնուազն զարմանալի է, որ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայի նկատառումները գրեթէ նոյնութեամբ համընկնում են թուրքական որոշ լրատուամիջոցների հրապարակումների հետ, ինչը հնարաւորութիւն է տալիս յստակ եզրակացնելու, որ վերջիններս հեղինակուել են Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնների կողմից եւ նպատակ ունեն յաւելեալ լարուածութիւն սադրել հայ-թուրքական՝ առանց այդ էլ բարդ յարաբերութիւններում, եւ ղարաբաղեան կարգաւորման հարցում Անգարային մղել էլ աւելի կոշտ դիրքորոշման»:
Նման անպատասխանատու յայտարարութիւններ ընելու փոխարէն, շարունակեց Աթանէսեան, Ազիմովը կրնար Ատրպէյճանի հանրութեան հասկնալի բացատրութիւններ տալ, թէ արդեօ՞ք իրականութեան կը համապատասխանեն այն լուրերը, որոնք պաշտօնական Պաքուի ուշադրութիւնը կը հրաւիրեն Նախիջեւանի եւ Կերանպոյի շրջանէն ներս քրտական գործօնի աննախընթաց աշխուժացման փաստերուն վրայ։ «Ամենայն հաւանականութեամբ, ատրպեճանական լրատուամիջոցների տարածած տեղեկութիւններում ճշմարտութեան բաւական մեծ չափաբաժին կայ, եթէ նկատի առնենք նաեւ, որ Կերանպոյը ներկայումս ներառում է նաեւ ԼՂՀ Շահումեանի շրջանը, որը 1992ի Յունիսից գտնւում է ատրպեճանական զինուած ուժերի վերահսկողութեան տակ եւ ենթարկւում է բռնի վերաբնակեցման։ Չի բացառւում, որ նախկինում հայաբնակ եւ ԼՂՀ անբաժանելի մաս հանդիսացող այդ տարածքներում, իրօք, գոյութիւն ունեն ահաբեկչական խմբաւորումների յենակայաններ, եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, շրջանառութեան մէջ դնելով Քրտական բանուորական կուսակցութեան գրոհայինների՝ իբր ԼՂՀում տեղաբաշխելու մասին վարկածը, միջազգային հանրութեան, այդ թւում՝ Թուրքիայի ուշադրութիւնը շեղելու փորձ են ձեռնարկում»:
Աթանէսեան Ազիմովի խորհուրդ տուաւ քիւրտ զինեալներ եւ անոնց հովանաւորները փնտռել Ատրպէյճանի մէջ: