Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15ի երեկոյեան ժամը 6ին, Կլէնտէյլ հայ սքուլի հանդիսասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հ.Յ.Դ. Օրուան տօնակատարութիւն, որուն գլխաւոր բանախօսն է Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ եւ հանրապետութեան նախագահութեան թեկնածու Վահան Յովհաննիսեան:
Նախատեսուած է պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ ծանօթ երգիչներու եւ մանկապատանեկան-դպրոցական խումբերու:
Մուտքը ազատ է, սակայն անհրաժեշտ է սրահի տոմսարկղէն անվճար տոմս առնել՝ սրահ մուտք գործելու համար: