ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Երեւան-Մոսկուա հեռատեսիլային կամուրջի միջոցով կայացած քննարկումի ընթացքին, Հայաստանի ԱԺի փոխնախագահ եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան ընդգծեց Ամերիկայի մէջ հայկական լոպիին դերակատարութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ: Քննարկումի հիմնական նիւթը հայ-թրքական յարաբերութիւններն էին:
Ռուսիոյ Տումայի անդամ Կոստանդին Զատուլին նոյն քննարկումի ընթացքին ըսաւ, թէ Ռուսիան Հայկական Ցեղասպանութիւնը ընդունած է մեկնելով բարոյական սկզբունքներէ, խղճի թելադրանքէ եւ համերաշխութեան զգացումէ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներուն, Կ. Զատուլին ըսաւ, թէ Ուաշինկթըն հարցին կը մօտենայ միմիայն աշխարհաքաղաքական նպատակներէ եւ ազգային շահերէ մեկնելով:
Վահան Յովհաննիսեան համամիտ չէ ռուսական կողմի այն տեսակէտին, թէ Ցեղասպանութեան ընդունումը միայն տուեալ երկիրներու աշխարհաքաղաքական շահով թելադրուած է: Այս գործին մէջ ան շատ կարեւոր համարեց Սփիւռքի գործօնը՝ խորհուրդ տալով չթերագնահատել անոր գործունէութիւնը: Թէ Մ. Նահանգներ ե՞րբ կ’ընդունի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը՝ Քոնկրէսի մարտավարութեան հարցն է: Սակայն Վ. Յովհաննիսեան հաստատ համոզում յայտնեց, որ վերջ ի վերջոյ ճանաչումը պիտի ըլլայ: «Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը միայն բարոյական չէ. այստեղ նաեւ փոխհատուցման խնդիր կայ: Բացի այդ, ճանաչումը նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան երաշխիքն է, որից յետոյ կը խօսենք մնացած բոլոր հարցերի մասին: Այս ճանաչումն անհրաժեշտ է նաեւ հէնց Թուրքիայի համար, որտեղ պէտք է բարոյական մթնոլորտ ստեղծուի, եւ «թուրքականութիւնը» վիրաւորելու համար հոգեւորական կամ լրագրող չսպաննուի», նշեց փոխխօսնակը: