ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Անցեալ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21ի երեկոյեան տեղի ունեցան յառաջիկայ տարի Աւստրիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային խումբերու ախոյեանութեան աւարտախաղերու զտումի վերջին հանգրուանի մրցումները, յստակացնելով աւարտախաղերու հասած խումբերու պատկերը:
Ա. խմբակէն մասնակցութեան տոմսը ապահոեց Փորթուկալի կազմը, հակառակ Ֆինլանտայի դէմ իր կատարած վերջին մրցումը սպիտակ հաւասարութեան աւարտելուն: Խմբակի առաջատար Լեհաստան արդէն իսկ ապահոված էր մասնակցութեան տոմսը:
Ա. խմբակին մաս կազմող Հայաստան, որ իր վերջին մրցումին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց Ղազախստանը, 0-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, վեց հազար համակիրներու առջեւ: Հայաստան երթի մրցումին (անցեալ Յունիսին) Ղազախստանի մէջ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր: Հայաստան զտումի մրցաշարքը աւարտեց 7րդ դիրքին վրայ՝ ապահովելով 9 կէտ: Հայաստան կրեց 6 պարտութիւն եւ արձանագրեց 2 յաղթանակ ու 3 հաւասարութիւն:
Խմբակի վերջին դիրքը գրաւած Ատրպէյճանի կազմը Պաքուի մէջ 0-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Պելճիքայէն, իսկ Լեհաստան Սերպիոյ մէջ 2-2 հաւասարութիւն մը արձանագրեց: Նաեւ, Շաբաթ օր կայացած յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Սերպիա 1-0 յաղթանակ մը արձանագրեց Ղազախստանի դէմ, խլելով խմբակին երրորդ դիրքը:
Բ. խմբակէն Իտալիա եւ Ֆրանսա մասնակցութեան տոմսերը ապահոված էին արդէն, իսկ իրենց վերջին մրցումներուն անոնցմէ առաջինը 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆարօ Կղզիներու կազմը, իսկ Ֆրանսա Ուքրանիոյ դէմ 2-2 հաւասարութիւն մը արձանագրեց: Նաեւ, Վրաստան իր վերջին մրցումին 0-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիթուանիայէն:
Գ. խմբակին մէջ, Յունաստանի կողքին Թուրքիա աւարտախաղերուն հասաւ, վերջին մրցումին 1-0 պարտութեան մատնելով Պոսնիան, մինչ Մալթա իր դաշտին վրայ Նորվեկիայէն պարտութիւն մը կրեց, 1-4 արդիւնքով: Հունգարիա եւս իր վերջին մրցումին 1-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց առաջատար Յունաստանէն:
Դ. խմբակին առաջատար Չեխիա իր վերջին մրցումին 2-0 յաղթանակ մը արձանագրեց Կիպրոսի մէջ, իսկ Գերմանիա սպիտակ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Կալէսի հետ: Նաեւ, խմբակին վերջին դիրքը գրաւող Սան Մարինօ կրեց իր յաջորդական 12րդ պարտութիւնը, այս անգամ Սլովաքիայէն, 0-5 արդիւնքով:
Ե. խմբակին մաս կազմող Անգլիա, որ «Ուեմպլի»ի մէջ հիւրընկալեց Խրուաթիան՝ 2-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք դուրս մնաց մրցաշարքէն: Անգլիա, որ հաւասարութեան մը կարիքը ունէր աւարտախաղերուն հասնելու համար, իր պարտութեամբ առիթ ընծայեց Ռուսիոյ, որ աւարտախաղերուն հասնի, Անտորրայի դէմ 1-0 արդիւնէքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք: Նաեւ, Իսրայէլ 1-0 յաղթանակ մը արձանագրեց Մակեդոնիոյ դէմ:
Զ. խմբակին առաջատար Սպանիա արդէն իսկ ապահոված էր մասնակցութեան տոմսը, 1-0 յաղթանակ մը արձանագրեց Հիւսիսային Իրլանտայի դէմ: Սպանիոյ միացաւ Շուէտի կազմը, Լաթվիոյ դէմ 2-1 յաղթանակ մը արձանագրելով: Նաեւ, Դանիա 3-0 պարտութեան մատնեց Իսլանտայի կազմը:
Է. խմբակին առաջին երկու դիրքը գրաւող Ռումանիա եւ Հոլանտա արդէն իսկ ապահոված էին աւարտախաղերու տոմսերը: Իրենց վերջին մրցումներուն առաջինը 6-1 արդիւնքով ջախջախեց Ալպանիան, իսկ պէտք եղածէն աւելի շուտ իրենց տօնակատարութեանց սկսած Հոլանտայի մարզիկները Պելոռուսի մէջ 2-1 պարտութիւն մը կրեցին: Նաեւ, Սլովենիա իր դաշտին վրայ 0-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պուլկարիայէն: