ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանը այլընտրանք մենք չենք տեսնում», երէկ Ասթանայի մէջ յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան՝ հակադարձելով պատերազմի անխուսափելիութեան վերաբերեալ ատրպէյճանցի պաշտօնակից Սաֆար Ապիեւի յայտարարութեան:
Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ կայացող ԱՊՀի պաշտպանութեան նախարարներու նիստի աւարտին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, Միքայէլ Յարութիւնեան շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման շուրջ բանակցութիւններ կը վարեն:
Ռուսական «Նովոսթի» լրատու գործակալութեան վկայութեամբ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը «չափազանց կտրուկ» որակեց Ապիեւի յայտարարութիւնը՝ աւելցնելով. «Նման յայտարարութիւններ անելու իրաւունքը պաշտպանութեան նախարարինը չէ, երբ գերագոյն գլխաւոր հրամանատարները՝ մեր երկրների նախագահները, հարցի խաղաղ կարգաւորմանն ուղղուած բանակցութիւններ են վարում»:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը երէկ Ասթանայի մէջ յայտարարած էր, մասնաւորապէս, թէ «քանի դեռ Ատրպէյճանի տարածքները գրաւուած են մնում Հայաստանի կողմից՝ պատերազմի հաւանականութիւնը գրեթէ 100 տոկոս է»:
Ապիեւ վստահեցուց նաեւ, թէ Ատրպէյճան մտադիր չէ մօտ ապագային անդամակցիլ ՆԱԹՕին. «Որպէս պաշտպանութեան նախարար ես յայտարարում եմ, որ ՆԱԹՕի հետ մեր երկրի համագործակցութիւնը շարունակւում է, իսկ այն մասին, որ Ատրպէյճանը մտնելու է ՆԱԹՕ, որոշում դեռեւս չկայ»: