29 Նոյեմբերին, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւն՝ նախագահութեամբ Պերճ եւ Շաքէ Յովակիմեան ամոլին։
Բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ Յովակիմեան, որ յայտնեց, թէ անուրանալի եւ անվիճելի իրականութիւն է, թէ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ինչպէս անցեալին, այսօր ալ կը շարունակէ իր սուրբ կռիւը՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման համար։
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Յուսաբեր» երիտասարդական միութեան եւ «Յուսաբեր»ի «Ծաղկաստան» մանկապատանեկան երգչախումբը։
Օրուան բանախօս դոկտ. Նորա Արիսեան Դաշնակցութիւնը անուանեց իբրեւ ալեհեր սակայն միշտ երիտասարդ ծերունին, որ հայ ժողովուրդին պայծառ էջեր կտակած է։ Ն. Արիսեան անդրադարձաւ պատմութեան ընթացքին Դաշնակցութեան ունեցած հիմնական դերակատարութեան՝ քաղաքական, ազգային եւ հասարակական դաշտերուն մէջ։ Ան մասնաւորաբար շեշտը դրաւ Հ.Յ.Դ.-ՌԱԿ միջկուսակցական պատմական համաժողովին վրայ, որ կը համարուի նոր սկիզբ միջկուսակցական համագործակցութեան առումով, նպատակ ունենալով հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած ազգային հիմնախնդիրներու լուծումը եւ այսօրուան բոլորիս պահանջը՝ ազգային միասնականութիւնը։
Կազմակերպութեամբ Աղեքսանդրիոյ շրջանի կազմին եւ նախագահութեամբ Պերճ Խորասանճեան ամոլին, 1 Դեկտեմբերին «Ս. Լէյլէկեան» սրահին մէջ եւս տեղի Հ.Յ.Դ. օրուան տօնակատարութիւն։
Օրուան բանախօսն էր դարձեալ դոկտ. Նորա Արիսեան:
Տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։