Հայկական Ցեղասպանութեան հայող 106րդ բանաձեւը դիմակազերծելու ծառայեց մեր կեղծ բարեկամները ու փշրելու՝ հիւմանիստ կարծեցեալ կուռքերու կիսանդրիները։
Ժամանակին, հայ մամուլի մէջ, Պապ Տոլի նախագահական ձախորդ ընտրապայքարի առիթով, իրապաշտ մօտեցումով նախատեսութիւններ կատարած էինք, պաշտպանելով այն վարկածը, թէ «նախագահ ընտրուելու պարագային, հայասէր սենատորը պիտի ենթարկուէր Փենթակոնի, «Սի.Այ.Էյ.»ի, պետական քարտուղարութեան ու հրէական-թրքական լոպպիինկի կամքին եւ ակամայ ուրանար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս իր նախորդներն ու հայասէր պիտակուած ԱՄՆի նախագահները յաջորդաբար, պիղատոսեան անջատուածութեամբ կատարեցին։
Եւ մեր «սոփեստութիւնը» քիչ մը առաջ տանելով, աւելցուցած էինք.
«Եթէ նոյնիսկ հայածին թեկնածու մը օր մը ԱՄՆի նախագահ ընտրուէր, դարձեալ վերը նշուած ուժայինները զինք պիտի տարհամոզէին եւ ստիպէին ուրանալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ ձեռք երկարելու թուրք դաշնակցին»։
Որպէս ուղն ու ծուծով զգացական ժողովուրդ, մենք պարզապէս դժուարութիւն ունեցած ենք հասկնալու մեզի բարեկամ ձեւացող երկիրներու եւ անոնց ղեկավարութեան մեծապետական հաշիւները։
Վերջերս, համացանցի վրայ հաճոյքը ունեցանք անուանի վիպագիր-գրականագէտ Ալեքսանդր Թոփչեանի «Պանք Օթոման» խորագրուած անտիպ վէպը ընթերցելու։ Հոն ամէնայն մանրամասնութեամբ եւ վարպետօրէն կ’ընդգծուէր ու կը շեշտուէր հարիւր տարի առաջ Հայ Դատի շուրջ քաղաքական հաշիւներով հիւսուող սարդոստայնը, որ իր էութեամբ չէր տարբերուեր ներկայ ժամանակներու մեծապետական հաշուարկներէն։
Եթէ պատահի, որ վաղը թուրքերը մերժեն Ինճիրլիքի ամերիկեան ռազմակայանի շուրջ համաձայնութիւնը վերանորոգել, կամ ալ այդ երկրին մէջ հետզհետէ արմատացող իսլամիստներու քաղաքական կամքին հպատակելով, Թուրքիան սկսի գործակցիլ հարեւան Պարսկաստանի հետ, ամերիկեան Քոնկրէսն ու «չեմ ու չեմ» ընող Սենաթը, թուրքերը պատժելու համար, իրե՛նք պիտի նախաձեռնեն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Այս մարդիկը 106րդ բանաձեւը կը պահեն Թուրքիոյ հետ իբրեւ սակարկութեան խաղաթուղթ, տեղին համեմատ քաղաքական ճնշում բանեցնելու անոր վրայ։
Հայ Դատի մեր համակրելի տղաքը, վստահ ենք, այս բոլոր հաշուարկները առարկայականօրէն կը կատարեն, երբ ցեղասպանութեան բանաձեւը կը յանձնեն մեծ տէրութիւններու խղճմտանքին, անշուշտ եթէ այդպիսի տարազ դեռ գոյութիւն ունի միջազգային քաղաքական լպրծուն կեանքին մէջ։
Շատերու կարծիքով, ցեղասպանութեան բանաձեւը Քոնկրէսին ներկայացնելու խօսնակուհի Նէնսի Փէլոսիի մտադրութիւնը եւ այդ առիթով ամերիկեան պետական մեքանիզմի փրցուցած հաւարը մեզ մեր անբուժելի լաւատեսութենէն ու թմբիրէն արթնցնելու պիտի ծառայէ։
Ճակատագրական այդ քանի մը օրերուն, ամերիկեան քաղաքական մեքենան ցոյց տուաւ իր անհոգի, տխե՛ղծ երեսը եւ յանկարծ, մեր աչքերուն դիմաց երէկուան կուռքերը մէկիկ-մէկիկ սկսան փուլ գալ՝ ցոյց տալով իրենց բարոյական ու մտաւորական սնանկութիւնը։
Քոնկրէսական Ճին Հարման, դասական օրինակը հանդիսացաւ բոլորիս զզուանք պատճառող ամերիկեան քաղաքական երկդիմի մտածողութեան, չըսելու համար անոր դաւանած քաղաքական պոռնկութեան։ Յարգելի տիկինը մէկ կողմէն նեցուկ կը կանգնէր 106րդ բանաձեւին, իսկ միւս կողմէն՝ ընդյատակեայ պայքար կը տանէր, իբրեւ իսրայէլեան իշխանութիւններու կամակատար, քոնկրէսական իր ընկերները տարհամոզելու, որպէսզի դէմ քուէարկէին Ցեղասպանութեան բանաձեւին։
Հապա պետական նախկին քարտուղարներու տխրահռչակ վեցեակը, դեռ աքաղաղը չկանչած, ուրանալու ելաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, յանկարծ յիշելով, որ Իրաքի տարածքին կռուող ամերիկացի բանակայիններ կան եղեր… նոր բարի լո՛յս, որոնց գոյութիւնը պիտի վտանգուէ՛ր Թուրքիոյ «խաթիր»ին դպնալնուս պէս։ Իսկ խռֆածներու այդ նոյն հաւաքածոն «պապանձումն Զաքարիա»ի դարձաւ, երբ Պուշ կրտսերի վարչակարգը, իր ստաբանութիւններով Ամերիկան կործանիչ պատերազմի մէջ ներքաշեց, մոռացութեան տալով Աֆղանիստանի լեռները ծուարած արիւնռուշտ, իրա՛ւ թշնամին։
Շարունակե՞նք…
Հապա Քոնկրէսի նախկին խօսնակ ողորմելի Տէնիս Հէսթըրթը։ Ան, որ նախագահ Քլինթընի իշխանութեան շրջանին մետասաներորդ ժամուն մերժեց Հայկական բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան մէջ քուէարկութեան յանձնել… իբրեւ թէ խիստ կարեւոր նամակի մը պատճառով, ուղարկուած՝ «կնամոլ» նախագահի մը կողմէ, մէկը, որ ամբողջ հանրապետական կուսակցութեան աչքին փուշն ու ատելին դարձած էր։ Սակայն երբ կարգը Հայկական բանաձեւին հասաւ, «իմփիչմէնթ»ի ենթակայ դեմոկրատական նախագահին իրենց հաշուենժարին մէջ տտռոց չարժող մէկ նամակը, յանկարծ Սինայ լերան գագաթէն առաքուածի կշիռք ստացաւ հանրապետական կեղծաւոր լիտերներու շիլ աչքերուն։ Սկզբունքազուրկ այդ նոյն քոնկրէսականներն ու սենատորները, որոնք թուրք դաշնակիցը չվշտացնելու համար հայը յաճախ իր կռնակէն կը դաշունահարեն, երբ հրեայի դիմաց գտնուին… տերեւի պէս կը դողան իրենց սարսափէն։ Թող որ օր մըն ալ այդ պարոնները փորձուին Հրէական ողջակիզումը կասկածանքի ենթարկել, չէ որ իր կարգին, արաբական քարիւղը աւելի քան կենսական է Ամերիկայի գոյութեան ու անոր տնտեսական զարգացման…
Շարքը կ’երկարի խաւարի ասպետներուն, որոնք հազիւ պետական բարձր պաշտօնէ մը հրաժարին, իբրեւ օտար երկիրներու հաշւոյն գործող «գործակալութիւն», լոպպիինկի կրպակ կը բանան ու ամէնէն առաջ իրենց արժանապատուութիւնը աճուրդի կը հանեն… երէկուան իրենց դաւանած համամարդկային ազնիւ սկզբունքներուն բոլորովին հակառակը կը սկսին քարոզել վասն մամոնայի։ Այո՛, ամբողջ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած ըլլալ կը թուի, «մի քիչ փող»ի սկզբունքին վրայ։ Մարդ երբեմն հարց կու տայ՝ արդեօք արաբական դատին համար աւելի ձեռնտու պիտի չըլլար 9-11ի տմարդի արարքը գործադրելու տեղ, Ուաշինկթընի մէջ լոպպիինկի քանի մը «կրպակ» բանեցնել, ինչպէս Թուրքիան ու միւս դաշնակից պետութիւնները տասնամեակներէ ի վեր կատարեալ յաջողութեամբ կը գործադրեն։ Այդ քայլին դիմելով արաբները հանգիստ խղճով իրենց դատը պիտի ծանօթացնէին ամերիկեան քաղաքական վերնախաւին։ Որոշ ալ չէ թէ թեռորիսթական այդ զզուելի արարքը գործադրելով, արաբներուն նպատակը Ուաշինկթընի այգիներուն աճած խաղողը համտեսել էր, թէ Իսրայէլի սիրոյն այգեպանը պատժել… Պատժեցին, սակայն ԱՄՆի քաղաքացիներու այն փոքրամասնութիւնը, որ դեռ կը զօրակցէր արաբական դատին, պըն Լատենի յայտնի «քաջագործութենէն» զզուելով, սկսաւ կռնակ դարձնել արաբական պահանջատիրութեան։
Քաղաքական այս փորձագրութիւնը անկատար պիտի մնար եթէ դեմոկրատական նախագահական նախկին թեկնածու եւ նորայայտ քամելիոն՝ Տիք Կէփհարդ, վրիպելով մեր ուշադրութենէ յանկարծ խուսափէր մտրակումէ։ Արդարեւ, այդ պարոնը տարիներով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման թեզը բուռն կերպով պաշտպանելէ ետք «լոյսը տեսնելով», այսինքն՝ տոլարի նշա՛նը՝ $$$$$, յանկարծ աստառ փոխեց։ Արդարադատ պետական այրի իր արժանապատուութիւնը աճուրդի հանեց ու բաց շուկայի վրայ ծախու ապրանք դարձաւ։ Այսինքն ինքզինք մատոյց բարձրագոյն գին վճարողին, ինչպէս Սան Սէթ փողոցի գիշերային բնակիչ նազելի օրիորդները…
Այս դէպքերու նշումը ինչքան ցաւալի, սակայն իր մէջ ուսանելի դասեր կը պարունակէ բոլորիս համար անխտիր։ Իսկ ինչ որ 106րդ բանաձեւի յաջող ելքին կը վերաբերի, Հայ Դատը օտարներուն ծանօթացնելու մէջ կը կայանար ձեռք բերուած բարոյական նկատառելի յաղթանակը։ Հայ Դատի տղաքը շատերուն կարծիքով յաջողեցան իրենց առաջադրանքին մէջ։
Հոգ չէ, եղածը ռազմագիտական նահանջ էր, բան մը, որ մեզի առիթ տուաւ խորաչափելու-տարրալուծելու երկրին քաղաքական ղեկավարութեան բարոյական ատա՛ղձը։