ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց յանձնաժողովը Դեկտեմբեր 14ին քննեց ռազմական դաւանանքի նախագիծը, զոր ներկայացուց պաշտպանութեան նախարար զօր. Միքայէլ Յարութիւնեան: Նիստէն ետք, նախարարը յայտարարեց նաեւ, որ եթէ Ատրպէյճան շարունակէ սպառազինուիլ, այդ պարագային Հայաստան կրնայ քաշուիլ սովորական սպառազինումի համաձայնագրէն:
Նիստին, զօր. Միքայէլ Յարութիւնեան նշեց, որ ռազմական դաւանանքի մշակման հիմնական աշխատանքները կատարուած են այդ նպատակով կազմուած միջգերատեսչական յանձնաժողովի կողմէ, որուն մասնակցած են նաեւ նախագահի ներկայացուցիչը եւ ԱԺ պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց յանձնաժողովի նախագահ Արթուր Աղաբէկեանը:
Նախագիծը միջազգային փորձաքննութեան ենթարկուած է Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի կողմէ: Ըստ նախարարին, հաշուի առնուած են միջազգային փորձագէտներու բոլոր շինիչ առաջարկները, զուգահեռաբար կազամակերպուած են փաստաթուղթի հասարակական եւ փորձագիտական քննարկումներ: Փաստաթուղթի մշակման մասնակցած են բոլոր շահագրգիռ պետական կառոյցները, գիտակակրթական հաստատութիւնները, հասարակական կազմակերպութիւնները:
Նախագիծը գործող փաստաթուղթ դառնալու համար, ըստ նախարարին, պէտք է հաշուի առնել պետութեան եւ հասարակութեան զարգացման տրամաբանութիւնը: Փաստաթուղթին մէջ յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է բանակի ժողովրդավարական հսկողութեան ամրապնդումին՝ ԱԺի դերի բարձրացման, բանակ-հասարակութիւն կապին:
Փաստաթուղթը կազմուած է նախաբանէ, 4 բաժիններէ եւ ամփոփիչ բաժինէ մը: Նախաբանը կը պարունակէ յստակ հիմնաւորումներ Հայաստանը իբրեւ ԼՂՀի բնակչութեան ապահովութեան եւ անոնց ընտրած զարգացման ուղիի երաշխաւորը ըլլալու վերաբերեալ:
Առաջին՝ ռազմաքաղաքական հիմնադրոյթներ բաժինը կը նկարագրէ Հայաստանի ռազմական ապահովութեան միջավայրը, կը ներկայացնէ այդտեղէն բխող սպառնալիքները եւ կը սահմանէ ռազմական ապահովութեան ուղիները: Նախարարի խօսքով՝ սպառնալիքներու, վտանգներու՝ ճիշդ ժամանակին բացայայտումը եւ գնահատումը, անոնց զարգացման կանխատեսումը, կանխումը, կասեցումը եւ չէզոքացումը ռազմական ապահովութեան հիմնական տարրերէն են:
Երկրորդ՝ պաշտպանական ռազմավարութեան բաժինին մէջ կան սկզբունքներ, նպատակներ եւ խնդիրներ:
Երրորդ՝ ռազմական անվտանգութեան համակարգ բաժինը կը սահմանէ այդ համակարգի կառոյցը, ղեկավարման եւ գործունէութեան ձեւերը, ինչպէս նաեւ ռազմատնտեսական եւ ռազմարհեստագիտական ապահովման եղանակները:
Վերջին՝ ռազմական անվտանգութեան համակարգի բարեփոխումներու բաժինը կը ներկայացնէ այս համակարգի եւ մասնաւորապէս՝ բանակի բարեփոխման եւ արդիականացման ընդհանրական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ վարուող քաղաքականութիւնը, բարեփոխումներու նպատակները եւ խնդիրները ըստ ոլորտներու:
Իր ելոյթի աւարտին նախարարը կոչ ուղղեց մասնակից պատգամաւորներուն, որ ներկայացնեն իրենց առաջարկները, որպէսզի անոնք եւս ուսումնասիրուին միջգերատեսչական յանձնաժողովին կողմէ:
Յանձնաժողովի նախագահ Ա. Աղաբէկեան կարեւոր համարեց փաստաթուղթի այն տրամադրութիւնը, որ Հայաստանի բանակը, անկախ տեղակայման վայրէն, պիտի շուրունակէ ըլլալ Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան երաշխաւորը՝ խաղալով թէ՛ պաշտպանողի եւ թէ զսպողի դեր:
Նախագահի օգնական Վիգէն Սարգսեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի ռազմական դաւանանքը պիտի քննուի նաեւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ, որմէ յետոյ կ’ակնկալուի, որ մինչեւ տարեվերջ ստորագրուի նախագահին կողմէ: