ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 26ին դարձեալ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ամբաստանեց արեւմուտքցի դէտերու կողմէ ռուսական խորհրդարանական ընտրութեանց պոյքոթին ետին կանգնելու համար՝ յայտնելով, որ այդ քայլին նպատակը ընտրութիւնները արժեզրկելն է։
Փութին լրագրողներուն յայտնեց, որ ԵԱՀԿի ընտրական դէտերուն որոշումը «տրուած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան յանձնարարութեան հիմամբ։ Ասիկա նկատի պիտի ունենանք մեր միջպետական յարաբերութեանց մէջ»։
Նախագահ Փութին յայտնեց, որ «նպատակը ընտրութիւնները արժեզրկելն է, սակայն անոնք իրենց նպատակները պիտի չիրականացնեն։ Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան գոյութիւն ունեցող օրէնքին հիման վրայ»։
Փութին իր յայտարարութիւնը կատարեց յառաջիկայ Կիրակի օր նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրարշաւին վերջին շաբթուան ընթացքին։ Ընտրութիւնները Ռուսիոյ մէջ կը ներկայացուին իբրեւ Փութինի պաշտօնավարութեան գծով հանրաքուէ մը։
Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) նախապէս յայտարարած էր, որ Կիրակի օրուան ընտրութիւններուն հսկելու համար դէտեր պիտի չուղարկէ, որովհետեւ մուտքի արտօնագիրներ տրամադրելու մէջ ուշացումներ տեղի ունեցած են։
ԵԱՀԿը Երեքշաբթի օր անհիմն համարեց Փութինի ամբաստանութիւնը եւ շեշտեց, թէ Մոսկուա 400ի փոխարէն միայն 70 դէտերու մուտքի արտօնութիւն տուած էր: Խումբ մը դէտեր Երեքշաբթի օր արդէն իսկ Մոսկուա կը գտնուէին ընտրութեանց հետեւելու նախապատրաստական աշխատանքներու համար:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ մէջ նախագահական յաջորդ ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարուան Մարտ 2ին։ Սերկէյ Միրոնով յայտնեց, որ որոշումը պաշտօնապէս պիտի հրապարակուի Նոյեմբեր 28ին՝ ընտրական արշաւին ազդանշանը տալով։
Փութինի արտօնուած չէ երրորդ նստաշրջանի մը համար իր թեկնածութիւնը առաջադրել։ Ան որոշած է Դեկտեմբեր 2ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին գլխաւորել իշխանամէտ Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան ընտրացանկը։
Ըստ ռուսական ընտրական օրէնսգիրքին՝ թեկնածուները պարտին նախագահութեան իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել ընտրութեան թուականին պաշտօնական յայտարարութենէն մինչեւ 25 օր ետք։
Փութին մերժած է ռուսական սահմանադրութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն մտցնել, որ իրեն կ՚արտօնէ երրորդ նստաշրջանի մը համար իր թեկնածութիւնը առաջադրել, սակայն կը նախատեսուի, որ ան քաղաքական իր ազդեցութիւնը պահպանէ, հակառակ անոր, որ իր նոր պաշտօնին բնոյթը կը շարունակէ անյայտ մնալ։