ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Եւրոպական միութեան արտաքին յարաբերութեանց ու եւրոպական շրջանային քաղաքականութեան յանձնակատար Պենիթա Ֆերրերօ Ուալտնըր առաջարկած է Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի իշխանութեանց, որ Հայաստանը եւս ներառեն Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծի ծրագրին մէջ, անուղղակիօրէն քննադատելով Հայաստանը մեկուսացնելու միտող այս փորձը:
Եւրոպական խորհրդարանի կիպրացի յոյն անդամի մը հարցումներուն պատասխանելով, ան կրկնեց, թէ Եւրոպական միութիւնը նիւթապէս պիտի չօժանդակէ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծի կառուցման:
420 միլիոն տոլար արժող երկաթուղագիծի ծրագրին համար կ’ակնկալուի 29 քլմ. նոր երկաթուղագիծ կառուցել Վրաստանի մէջ եւ 76 քլմ.՝ Թուրքիոյ մէջ: Կողմերը կը յուսան զայն ամբողջացնել 2008ի վերջաւորութեան: