ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութեան տարածքային երեք կառոյցներու ղեկավարներ յայտարարութիւն տարածած են՝ ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած շարժումին միանալու մասին:
Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Նոյեմբերի 27ին «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութեան նախագահութեան նիստին մասնակցելով՝ եկանք այն եզրակացութեան, որ ԱՄԿն հակուած չէ պայքարել գործող իշխանութեան հեռացման համար, այլ ընդհակառակը՝ նպաստում է համակարգի վերարտադրութեանը: Ուստի մենք՝ ներքոստորագրեալներս, հրաժարւում ենք ԱՄԿի նախագահական ընտրութիւններին սեփական թեկնածուով մասնակցելու ծրագրին աջակցելուց եւ միանում ենք Հայաստանի հիմնադիր նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած համաժողովրդական շարժմանը: «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութեան բոլոր ազնիւ ու պարկեշտ անդամներին կոչ ենք անում հետեւել մեր օրինակին»:
Յայտարարութիւնը ստորագրած են «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութեան Գաւառի տարածքային կառոյցի ղեկավար Պապին Գալոյեան, Հրազդանի տարածքային կառոյցի ղեկավար Նորբերդ Յովակիմեան, Էրեբունիի տարածքային կառոյցի ղեկավար Գուրգէն Գրիգորեան:
Նոյեմբեր 28ին «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութիւնը նոյնպէս հրապարակեց հաղորդագրութիւն, ուր կ’ըսուի, որ նախորդ օրը կայացած կուսակցութեան նախագահութեան ընդլայնուած նիստի մասնակիցները «խստօրէն դատապարտեցին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի թիմակիցների փորձերը շանթաժի ու կաշառքի միջոցով իրենց կողմը գրաւել սոցիալապէս ծանր վիճակում յայտնուած «Ազգային միաբանութիւն կուսակցութեան» որոշ անդամների:
«Նոյեմբերի 28ին ՀՀՇական մամուլից տեղեկացանք, որ վերջիններս համաձայն չեն եղել նախագահութեան որոշման հետ եւ սատարելու են Լեւոն Տէր Պետրոսեանին: «Ազգային միաբանութիւն կուսակցութեան» լրատուական ծառայութիւնը լիազօրուած է շնորհաւորել պարոն Լեւոն Տէր Պետրոսեանին՝ իր կողմնակիցների թիմը «ուժեղացնելու» կապակցութեամբ», ըսուած է ԱՄԿի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: