ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-ԻՆՖՕ».- Նոյեմբեր 27ին, ՍամցխԷ-Չաւախքի Հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի ներկայացուցիչներ՝ Արտակ Գաբրիէլեանի եւ Գրիգոր Մինասեանի կողմէ Վրաստանի մէջ գործող ՄԱԿի եւ Եւրոմիութեան գրասենեակներուն յանձնուեցաւ վերոնշեալ խորհուրդին մշակած յուշագիրը, որ կ’առնչուի Չաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան՝ եւրոպական կառոյցներուն նկատմամբ Վրաստանի ստանձնած եւ չկատարած պարտաւորութիւններու լոյսին տակ:
Յուշագրին խորագիրն է «Վրաստանի Սամցխէ-Չաւախքի եւ Քուեմօ Քարթլիի տարածաշրջանների հայ բնակչութեան կացութիւնը բարելաւելու անյետաձգելիութիւնը եւ Վրաստանի պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները Եւրոպայի խորհրդի առաջ»:
Նշենք, որ մօտաւորապէս 130 յուշագիր ստորագրուած էր Նինոծմինտայի, Ախալքալաքի, Ասպինծայի, Ախալցխայի, Պորժոմի, Ծալկայի եւ Մառնէուլիի հասարակական կազմակերպութիւններու, շրջանային քաղաքապետական պատգամաւորներու, դպրոցներու հոգաբարձուներու խորհուրդներու նախագահներու եւ այլ պաշտօնատարներու կողմէ:
Խորհուրդի ներկայացուցիչները Վրաստանի մէջ գործող ՄԱԿի գրասենեակներուն մէջ հանդիպում ունեցան գրասենեակի քաղաքական հարցերով պատասխանատու Վլ. Սթեֆանովի հետ:
Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած զրոյցի ընթացքին, հայ ներկայացուցիչները Վլ. Սթեֆանովին ծանօթացուցին Չաւախքի ներկայ իրավիճակը եւ խնդիրները: Մասնաւորաբար խօսուեցաւ հայոց լեզուի խնդիրի, Վրաստանի մէջ հայկական եկեղեցւոյ կարգավիճակի, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու դերի բարձրացման հարցերու մասին:
Յուշագիրը ստորագրած պաշտօնատարներու ցանկը փոխանցուեցաւ նաեւ Վրաստանի խորհրդարանի խօսնակ եւ Վրաստանի նախագահի պաշտօնակատար՝ Նինօ Պուրճանածէի գրասենեակ եւ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատուն:
Յուշագիրը ամբողջութեամբ պիտի տանք հետագային: