ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանեան պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Իրանի զինուորական ուժերը հեռահաս նոր հրթիռ մը արտադրած են, որ կարողութիւնը ունի հարուածելու Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգներու միջին արեւելեան զօրակայանները։
Իրանի պաշտպանութեան նախարար զօր. Մուսթաֆա Մուհամմատ Նաճճար յայտնեց, որ «Աշուրա» հրթիռը արտադրուած է նախարարութեան պատկանող գործարանի մը կողմէ։ Ան չյայտնեց, որ Իրան հրթիռը փորձարկա՞ծ է։
Իրանի զէնքերուն վերաբերող յայտարարութիւնները յաճախ անկախ աղբիւրներէ չեն հաստատուած։
Իրան Իրաքի դէմ իր պատերազմին ընթացքին ամերիկեան շրջափակումին դէմ դնելու համար զէնքերու զարգացման ծրագրի մը նախաձեռնեց։ 1992 թուականէն ի վեր Իրան արտադրած է իր ռազմական օդանաւերը, ընդծովեայ հրթիռները, ռատարներու կողմէ չնշմարուող հրթիռները, հրասայլները եւ զրահապատ մեքենաները։
Վերջերս կատարուած զէնքերու արտադրութիւնը դրդուած է Իրանի հիւլէական ծրագիրին պատճառով Միացեալ Նահանգներու հետ ստեղծուած կացութենէն։ Միացեալ Նահանգներ կ՚ըսէ, թէ այդ ծրագիրը հիւլէական զէնքեր արտադրելու ծածկոյթ մըն է, բան մը, զոր Իրան կը հերքէ։
Իրան արդէն իսկ միջին հասողութեամբ հրթիռներ ունի, որոնք «Շահապ 3» կը կոչուին։ 2005ին իրանցի պաշտօնատարներ յայտնած էին, թէ բարելաւած են անոր հասողութիւնը եւ զայն հասցուցած ներկայ նոր հրթիռին հասողութեան։
Նաճճար չմանրամասնեց «Աշուրա» եւ «Շահապ 3» հրթիռներու տարբերութիւնները։ Սեպտեմբերին կազմակերպուած զինուորական տողանցքի մը ընթացքին Իրան ներկայացուց «Ղատըր» տիպի հրթիռներ։ Կը կարծուի, որ ան նաեւ ունի «Շահապ 4» տիպի հրթիռներ, որոնք կրնան Եւրոպայի տարբեր շրջանները հարուածել։