ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր քաղաքական շրջանակներու անդամ շարք մը երեսփոխաններու հետ քննարկումներ ունենալէ ետք յայտարարեց, թէ որոշած է նախագահի ընտրութեան նիստը իններորդ անգամ ըլլալով յետաձգել մինչեւ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 22: Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Ուէլշ Շաբաթ օր ժամանեց Լիբանան, ուր երկօրեայ հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, որոնցմէ ետք ան յայտնեց, որ ժամանակն է, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարուի: Ան վերահաստատեց Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան, որ ընդդիմութեան կողմէ ապօրինի կը նկատուի:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէր դրական համարեց այն իրողութիւնը, որ թէեւ նախագահի ընտրութիւնը կը յետաձգուի, սակայն Լիբանանի մէջ ցարդ բախումներ չեն արձանագրուած։ Ան մերժեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի նման Երկուշաբթի օրուան նիստը «վերջին առիթ» մը նկատել։ Նաեւ, «Հըզպալլա» յայտարարեց, որ ընդդիմութիւնը կառչած կը մնայ համախոհական վարչապետի մը շուրջ համաձայնութեան, նախագահ մը ընտրելէ առաջ։