ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- ԼՂՀ խնդիրի լուծման հարցով, Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ լիկատարար աջակցութիւն ցուցաբերել Մինսքի խումբին՝ ամերիկացի համանախագահի միջոցով այս մասին պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանին հետ Երեւանի մէջ Դեկտեմբեր 15ին տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու հաւատարմատար Ճոզէֆ Փենինկթընը եւ նշեց. «Չնայած Ատրպէյճանի կողմից վերջին շրջանում յաճախակի հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւններին, ԱՄՆ դիքորոշումը մնում է անփոփոխ՝ ռազմական ճանապարհով խնդրի լուծման բացառում»:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար գնդապետ Սէյրան Շահսուվարեանի, հանդիպման ընթացքին կողմերը քննեցին նաեւ հայ-ամերիկեան ռազմական գործակցութեան ներկայ վիճակը եւ հետագայ ընելիքները: