ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ հրաւիրուած ԱԺՄ համագումարը որոշեց յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրել կուսակցութեան նախագահ Վազգէն Մանուկեանի թեկնածութիւնը: Համագումարին կը մասնակցէին ԱԺԴ եւ ԱԺԿ առաջնորդներ Արշակ Սադոյեան եւ Շաւարշ Քոչարեան, որոնք Վ. Մանուկեանի թեկնածութիւնը պաշտպանելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին:
Ողջոյնի խօսք ուղղեցին Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՍԻՄ նախագահ Հրանդ Խաչատրեան, «Ազգային համաձայնութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Յարութիւնեան, «Ժառանգութիւն», «Օրինաց երկիր», «Նոր ժամանակներ» կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները:
Իր ելոյթով ԱԺՄ նախագահը կոչ ըրաւ հայաստանեան քաղաքական ուժերուն՝ միաւորուիլ ոչ թէ իր անձի, այլ իր որդեգրած գաղափարներու շուրջ:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան խնդրին՝ Վ. Մանուկեան ըսաւ, որ երբեք այս հիմնահարցը այնպիսի մեծ նշանակութիւն չէ ունեցած, որքան ներկայիս: Ըստ Վ. Մանուկեանի՝ շատ վտանգաւոր է «Ղարաբաղը տանք, ապրենք լաւ» կարգախօսը, որովհետեւ «եթէ Ղարաբաղը տանք՝ Հայաստանը չի լինի այլեւս»: Ան ըսաւ նաեւ, որ Հայաստանը պէտք է կարողանայ ժամանակը աշխատցնել իր օգտին, որուն համար «պէտք է դառնալ իսկապէս ժողովրդավարական երկիր, օգտագործել Սփիւռքի ներուժը, որը հաւասարազօր է ատրպեճանական նաւթային ներուժին»: