Առաջին անգամը չէ, որ Տէօրթ-Եոլի հայրենակցական միութիւնը կը գործակցէր մշակութային միութիւններու մասնաճիւղերուն հետ: Եթէ նման գործակցութիւն մը ցարդ ծաւալուն բնոյթ չէր կրեր, այսուհանդերձ կրնար նախերգանքը հանդիսանալ հայ գաղութներու մէջ այլազան կազմակերպութեանց միջեւ յարաբերութեանց զարգացման, միութենական անջատ միաւորներու համագործակցութեան:
Նման ազդեցութիւն մը գործելու կը նպաստէր Օրէնճ Քաունթիի «Համազգային»ի «Սիամանթօ» մասնաճիւղի Նոյեմբեր 11, Կիրակի յետմիջօրէին կազմակերպած Չորք-Մարզպանի նուիրուած տոհմիկ երեկոն, որուն յայտագիրը ամբողջութեամբ գործադրեցին տէօրթ-եոլցիները, հրամցնելով միաժամանակ հայրենակցականին աւանդական մէկ ճաշացուցակը:
Սրահը զարդարուած էր Տէօրթ-Եոլի խորհրդանիշ նկարուած նարինջներով, իսկ մէկ անկիւնը, սեղանի մը վրայ ցուցադրուած էին չորք-մարզպանցի աւելի քան տասնեակ մը գրագէտներու տպագրուած ստեղծագործութիւնները՝ բանաստեղծութիւն եւ արձակ, ինչպէս նաեւ վերջերս լոյս ընծայուած հայրենակցականին պատմութեան տպաւորիչ գիրքը:
Բացման խօսք ուղղեց «Համազգային»ի տեղական մասնաճիւղի ատենապետուհի Շուշիկ Ասլանեան, որ իր բարիգալուստի խօսքէն ետք յայտնեց, թէ օրուան ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի տեղւոյն «Արի Կիրակոս Մինասեան» դպրոցի կարիքներուն: Ամերիկեան, հայկական ու Չորք-Մարզպանի քայլերգները յաջորդաբար մենակատարեց Լիտիա Տէր Վարդանեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Թոմ Տէր Վարդանեանի:
Հայրենակցականի ատենապետ Ն. Յակոբեան գնահատեց «Համազգային»ի նախաձեռնութիւնը, զոր հայապահպանումը զօրացնող հանդիսութիւն մը նկատեց: Տպաւորիչ էր Արմինէ Շաքլեանի ասմունքը Գէորգ Էմինէն («Մենք»):
Օրուան գլխաւոր բանախօս դոկտ. Մինաս Գոճայեան, խմբագիրը Չորք-Մարզպանի պատմագիրքին, հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Տէօրթ-Եոլի յաջող երեք յաղթական հերոսամարտներուն (1895, 1909, 1918-21), վեր առնելով աւանդապահ հայ կնոջ քաջարի մասնակցութիւնը յիշեալ ինքնապաշտպանութեանց:
Հետեւեցաւ շուրջ 20 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնի ցուցադրութիւն, պատրաստուած Հոլանտա հաստատուած տէօրթ-եոլցիի մը կողմէ, որ կը փնտռէ իր արմատները պապենական օրրանին մէջ:
Մթնոլորտէն խանդավառուած, գեղարուեստական յայտագրին յանպատրաստից մասնակցեցան Լեւոն Գրիգորեան (3 մեներգ), Մարի Յակոբեան (2 ասմունք), Նարեկ Պալեան, Պարգեւ Փելթեքեան (2 ինքնագիր բանաստեղծութիւն), Սարգիս Մաճառեան (զուարթախոհ մանրապատումներ) եւ Յովհաննէս Մանուկեան (սրտի խօսք): Երեկոյի ամբողջ ընթացքին, Արամ Լեփեճեան երգեհոնի վրայ հրամցուց հայկական երաժշտութիւն:
Երկու հարիւրի հասնող հանդիսականները աւելի քան երեք ժամեր վայելեցին անմոռանալի երեկոյ մը, յագեցան Չորք-Մարզպանի պատմութեամբ, մշակոյթով եւ համադամ ճաշերով:
(Թղթակցութիւնը Միութենէն)