ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի եւ Ֆրանսայի Նիս քաղաքին միջեւ ստորագրուած է համաձայնագիր, որմով կը նախատեսուի սերտ գործակցութիւն կրթութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Համաձայնագիրը վաւերացուցած են Նիսի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժաք Պէյրա եւ Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեան: Նախնական համաձայնութեամբ, մայրաքաղաքի առողջապահական հիմնարկները թեքնիք աջակցութիւն պիտի ստանան Նիսի հիւանդանոցներու միութենէն: Նախատեսուած են նաեւ բժիշկներու փոխանակման եւ վերապատրաստման ծրագիրներ:
Նիսի քաղաքապետարանին մէջ Ե. Զախարեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին՝ ջերմ ընդունելութեան համար, նշելով, որ հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնը պատմական խոր արմատներ ունի: Քննարկումներու ժամանակ քաղաքապետերու կողմէ կարեւոր համարուած է Երեւանի եւ Նիսի՝ որպէս քոյր քաղաքներու, յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը:
Երեւանի քաղաքապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Նիս գտնուող Սուրբ Մարիամ հայկական եկեղեցի: Հայ համայնքի անդամները քաղաքապետը դիմաւորեցին Երեւանի օրհներգով:
Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Նիսի կեդրոնը գտնուող «Հայաստանի այգի» պուրակ, ուր Ե. Զախարեանի առաջարկով յառաջիկային պիտի տեղադրուի հայկական խաչքար:
Յիշեցնենք, որ Երեւանը եւ Նիսը քոյր-քաղաքներ հռչակող համաձայնագիրը ստորագրուած է այս տարի, երբ Սեպտեմբեր 19-23ին Երեւան այցելած էր Նիսի քաղաքապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: