ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ընկերային ապահովագրութեան պետական հիմնադրամի եւ ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ, USAID) «Հայաստան. ընկերային պաշպանութեան համակարգերի հզօրացման ծրագիր»ի միջեւ Դեկտեմբեր 17ին ստորագրուեցաւ գործակցութեան համաձայնագիր: Հայաստանէն համաձայնագիրը ստորագրեց հիմնադրամի նախագահ Վազգէն Խաչիկեանը, իսկ ԱՄՆ կողմէ՝ ծրագիրի տնօրէն Էմի Ռէմ:
Ծրագիրը բազմակողմանի նախաձեռնութիւն է եւ նպատակն է ընկերային ապահովագրութիւնը բարելաւել, աշխատաշուկան բարեփոխել եւ մասնագիտական ապահովութեան չափանիշներ հաստատել, ինչպէս նաեւ պետական օժանդակութենէն բնակչութեան խոցելի խաւերու կախեալութիւնը նուազեցնել:
Հիմնադրամի նախագահը իր բացման խօսքով նշեց, որ համաձայնագիրի ստորագրումով երկու կառոյցներու միջեւ գործակցութիւնը ստացաւ իր փաստաթղթային ամրագրումը. «Հայաստանը ներկայումս գտնւում է բարեփոխումների 2րդ փուլում, եւ այդտեղ կարեւորւում է կենսաթոշակային բարեփոխումների իրականացումն ինչպէս ՀՀ կառավարութեան, այնպէս էլ միջազգային կառոյցների կողմից: Որպէսզի Հայաստանը չկրկնի այն սխալները, որոնք յատուկ են նմանատիպ բարեփոխումներ իրականացնող երկրների համար, պէտք է օգտուել փորձից, որն առկայ է զարգացած երկրներում, ինչպէս նաեւ այս հարցում կարեւոր է միջազգային կազմակերպութիւնների արհեստագիտական, ելեւմտական եւ մարդկային օգնութիւնը», ըսաւ Վ. Խաչիկեան:
Է. Ռէմ յայտնեց, որ այս ծրագիրով արհեստագիտական օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի ընկերային պաշտպանութեան ոլորտի 4 կարեւոր օղակներուն՝ ընկերային ապահովագրութեան, աշխատանքի ծառայութիւններուն, աշխատանքի ապահովութեան եւ ընկերային օժանդակութեան եւ նշեց, որ ծրագիրի նպատակներէն է նաեւ նպաստել քաղաքացիներու հիմնական ընկերային հարցով կայունութեան ձեւաւորումին, եւայլն: