Հայ-ամերիկեան տարեցներու միութեան Փասատինայի մասնաճիւղի Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 6 Դեկտեմբերի կէսօրին, Allen եկեղեցւոյ սրահին մէջ Փասատինա, ներկայութեամբ 50է աւելի անդամ-անդամուհիներու:
Հաւաքին բացումը կատարեց ատենապետուհի Մարի Թրթռեան: Օրուան ճաշը հովանաւորած էին Վարուժ եւ Ժանէթ Տէրտէրեաններ, իրենց ծնողաց ի յիշատակ՝ Գրիգոր եւ Տիգրանուհի Տէրտէրեաններու: Սեղանները օրհնեց Խորէն քհնյ. Պապօշեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը:
Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Փասատինայի «Թաւլեան» ազգ. մանկամսուրի ծաղիկ դասարանի աշակերտները, իրենց կաղանդի տարազներով: Անոնք Կաղանդ պապան ընդունեցին երգերով, պարելով եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով, ղեկավարութեամբ դպրոցի պատասխանատու ուսուցչուհիներու, դաշնակի ընկերակցութեամբ Սուզաննա Փաշայեանի:
Ատենապետուհին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Թաւլեան» ազգ. մանկամսուրի տնօրէնուհի Հելէն Մանուչարեանի եւ իր ժրաջան ուսուցչական կազմին:
Օրուան դասախօսն էր դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, որ իր պատգամը տուաւ թելադրելով՝ աղօթքով սկսիլ Նոր տարին ու տարուան ընթացքին մեր սրտին վրայ ծանրացող նիւթերն ու անձերը աղօթքով Տիրոջ յանձնել: Ան հարց տուաւ, թէ անցնող տարուան ընթացքին մեր ազգային պարտաւորութիւնները կրցա՞նք կատարել: Արդեօք կրցա՞նք մեր ձեռքերը երկարել կարօտեալին:
Ապա հրաւիրուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Գրիշ Դաւթեան, որ շնորհակալութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց այս յաջող ձեռնարկին համար, ապա Նոր տարուան սեմին շնորհաւորեց ներկանները:
Ներկայ էին նաեւ միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի վարչութեան անդամները՝ լրիւ կազմով, գլխաւորութեամբ Սուրէն Գահուէճեանի: Անոնք ընկերակցութեամբ երգիչ Մարտոյի, իրենց ճոխ նուագով, երգերով ու պարերով փայլք տուին այս հանդիսութեան: Ներկաներուն ուրախութիւնը անսահման էր: Հաւաքոյթը փակուեցաւ ժամը 3:30ին: