ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Նախանցեալ օր, Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ եւ գործիչներ Նիւ Եորք հաւաքուեցան, բացումը կատարելու համար Յանձնախումբի նոր գրասենեակին՝ Մէնհէթընի մէջ:
Յանձնախումբի ատենապետ Տիգրան Խալիկեան այս իրադարձութիւնը դրական նկատեց, աշխատանքներուն աւելի թափ տալու իմաստով:
Նոր գրասենեակի հասցէն է 122 W. 27th Street, եւ հոն պիտի գործեն նաեւ Նիւ Ճըրզիի եւ Նիւ Եորքի Հայ Դատի կամաւոր գործիչները: