ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար զօր. Միշէլ Աուն Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29ին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, թէ դէմ պիտի չդնէ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Միշէլ Սլէյմանը նախագահ ընտրելու նպատակով սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարելու առաջարկին, զօրավարը նախագահ դարձնելու հաւանականութիւնը աւելի իրականանալի դարձնելով:
Իշխանամէտ կողմերը Չորեքշաբթի օր յայտնած էին, որոշած են փոխել բանակի հրամանատարին թեկնածութեան իրենց ընդդիմութիւնը:
Զօր. Աուն, որ լիբանանեան բանակի նախկին հրամանատարներէն մէկն է, նախագահական թեկնածու է, սակայն իշխանամէտ կողմերուն ընդդիմութեան հետեւանքով ան ետ քաշեց իր թեկնածութիւնը:
Իր կարգին, վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, որ Հինգշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին հետ, յայտնեց, որ զօր. Սլէյմանը նախագահ ընտրելու համար սահմանադրութիւնը փոխելու հարցը «լրջութեամբ կը քննուի»։
«Հըզպալլա»ի ներկայացուցիչ մը Չորեքշաբթի օր յայատարարած էր, թէ զօր. Սլէյմանը նախագահ ընտրելու հարցով ընդդիմութեան որոշումը կախեալ է Աունի որոշումէն:
Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթը տեղեկացուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը մտադրած է ժողովրդային մեծ շուքով նշել անցեալ տարուան Պէյրութի բաց նստացոյցին առաջին տարեդարձը։ Կը նախատեսուի, որ ժողովրդային հաւաք մը տեղի ունենայ յառաջիկայ Շաբաթ օր, Դեկտեմբեր 1ին։
Աուն Հինգշաբթի օր շեշտեց, որ հաւաքը խաղաղ եւ ժողովրդավարական պիտի ըլլայ։ «Անցեալ անգամ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ նստացոյց կատարեցինք, իսկ ներկայիս նստացոյց պիտի կատարենք բոլոր հրապարակներուն վրայ», աւելցուց ան։