ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի նախագահի ընտրութեան խորհրդարանի նիստը իններորդ անգամ յետաձգելէ ետք, խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին այդ օրուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով հանդիպում մը ունեցաւ «Մուսթաքպալ» հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի հետ, իսկ աւելի ուշ ընդունեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տիւրզի ղեկավար՝ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը։ Երկու հանդիպումներն ալ դռնփակ էին։
Խորհրդարանի աղբիւրներուն համաձայն, արդէն իսկ շրջանցուած է նախագահական նստաշրջանը երեք տարիով նուազեցնելու հարցը, իսկ ներկայիս հարցը կը կեդրոնանայ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին վրայ։
Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ՝ երեսփոխան Միշէլ Մըր յայտնեց, որ ինք ներկայացուցած է ծրագիր մը, որուն հիման վրայ կառավարութեան կազմին մէջ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ունենայ հինգ նախարար, ընդդիմութիւնը՝ 11 նախարար, իսկ իշխանամէտները՝ 14 նախարար։
Միւս կողմէ՝ սակայն, իշխանամէտ քաղաքական ուժերը պահանջեցին, որ նախագահին տրուի 6 նախարար, ընդդիմութեան 10, իսկ՝ իշխանամէտներուն 14:
Խորհրդարանի աղբիւրները նաեւ յայտնեցին, որ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ քաղաքական համաձայնութիւն մը գոյացած է, որ սահմանադրութեան բարեփոխումը կատարուի ուղղակի խորհրդարանին մէջ՝ խորհրդարանի անդամներուն երկու երրորդին ներկայութեան՝ առանց սահմանադրութեան բարեփոխումի ծրագիրը յղելու կառավարութեան եւ ստանալու անոր վաւերացումը։
Սակայն իշխող «14 Մարտ»ի քաղաքական ուժերու անդամ քրիստոնեայ ներկայացուցիչները, ինչպէս՝ նախարար Նէյլա Մուաուատ, երեսփոխաններ Պութրոս Հարպ եւ Անթուան Զահրա, վերապահութիւն յայտնեցին։
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար՝ երեսփոխան զօր. Միշէլ Աուն յայտնեց, որ եթէ ընդդիմութեան հետ համաձայնութիւն չգոյանայ, ապա Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն պիտի չկատարուի։ Զօր. Աուն նշեց, որ ցնոր տնօրինութիւն, ինք կը մնայ ընդդիմութեան բանագնացը։
Ան ըսաւ, թէ ինք ոչ մէկուն կ՚արգիլէ իր անկեղծ կարծիքը յայտնել, սակայն վերջնական լուծումը եւ արդիւնքը իր մօտ կը գտնուի։ «Այն կէտերը, որոնց շուրջ բանակցութիւններ պիտի կատարուին, կը գտնուին իմ գրպանիս մէջ՝ ընդդիմութեան որոշումով», շեշտեց ան։
Իր խօսքը ուղղելով Սաատ Հարիրիին՝ Աուն ըսաւ. «Բան չունիմ ըսելիք. առողջութիւն կը մաղթեմ անոր։ Եթէ չ՚ուզեր բանակցիլ, թող չբանակցի եւ հանրապետութեան նախագահ չընտրէ, ինչ որ իր փափաքն է»։
Անցնող շաբաթավերջին Լիբանան այցելած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Ուէլշի ուղղելով իր խօսքը՝ զօր. Աուն յայտնեց, որ Իրաքի մէջ անոր կիրարկած քաղաքականութիւնը պատճառ դարձած է քրիստոնեայ համայնքին արտագաղթին, Պաղեստինի մէջ անոր գործադրած քաղաքականութիւնը՝ նոյնպէս։ «Հետեւաբար կը կարծեմ, որ ան կը փաթթուի քրիստոնեաներուն, որպէսզի խեղդէ զանոնք եւ ոչ թէ զանոնք ողջագուրէ», եզրափակեց զօր. Աուն։
Յայտնենք, թէ Ուէլշ Երեքշաբթի օր դարձեալ Պէյրութ այցելեց եւ հանդիպում մը ունեցաւ Սաատ Հարիրիի հետ։
Նախկին նախարար Ուատիհ Խազէն յայտնեց, որ Ուէլշի Լիբանան կատարած այցելութիւնը մեծ հարցականներ ստեղծած է, որովհետեւ այդ այցելութեան միակ նպատակը եղած է զօրակցիլ իշխանամէտ քաղաքական ուժերուն։ Ան նոյնիսկ հանդիպումներ չէ ունեցած ընդդիմութեան հետ։
Խազէն յայտնեց, որ իշխանամէտ քաղաքական ուժերը պէտք է այցելեն Աունին՝ իբրեւ ընդդիմութեան անունով նշանակուած պաշտօնական բանագնաց։