ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Գիւմրիի քանի մը հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ Նոյեմբեր 27ին լրագրողներու «Ասպարէզ» ակումբի մէջ հրաւիրուած հանրային քննարկման մասնակիցները որոշած են մինչեւ 1988ի երկրաշարժի 19րդ տարելիցը՝ Դեկտեմբեր 7, երկրի իշխանութիւններուն յղել ուղերձ մը, որմով կը պահանջեն պետական ամավարկի 2-3 տարուան յատկացումներով շինարարութիւն կատարել աղէտի գօտիի մէջ եւ բնակարաններով ապահովել բոլոր անօթեւանները:
Ուղերձը կը ներառէ աղէտի գօտիի հարկային, մաքսային եւ դրամատնային արտօնութիւններով գործարարութիւնը խթանելու, ինչպէս նաեւ Շիրակի զարգացման հեռանկարային պետական ծրագիրի մշակման առաջարկներ:
Գիւմրիի մէջ 2007ի Նոյեմբեր 27ի դրութեամբ հաշուառուած է 3972 անօթեւան ընտանիք: Արտասահմանեան օգնութեան միջոցներով 4-5 տարի առաջ բնակարաններու գնման վկայագրերու ծրագրի շնորհիւ, 4091 անօթեւան ընտանիք բնակարաններ գնած է Գիւմրիի մէջ, իսկ ամբողջ մարզին մէջ՝ 4838 ընտանիքներ:
Քննարկման մասնակիցներէն շատերու կարծիքով, այս ծրագիրով Գիւմրիի անօթեւաններուն բնակարան ապահովելու խնդրի լուծումը իրատես չէ, քանի որ ներկայ քայլերով 3972 ընտանիքներուն բնակարանով ապահովելու համար 10-15 տարի կը պահանջուի: