ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին, պաղեստինեան իշխանութեան նեցուկ կանգնելու նպատակով կազմակերպուած նուիրատու երկիրներու եւ կազմակերպութեանց ժողովը ակնկալուածէն աւելի խոստումներ կրցաւ ապահովել:
Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Սալամ Ֆայեատ երեք տարուան վրայ երկարող 5.6 միլիառ տոլարի գումարի մը ծրագիրը ներկայացուցած էր, սակայն ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց ոչ միայն պաղեստինցիներուն անմիջական պահանջները բաւարարելու, այլ աւելին կատարելու։
Մօտաւորապէս 90 նուիրատու երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն դիմաց իր արտասանած խօսքին մէջ հանդիպումը հիւրընկալող Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտնեց, որ «հարկ է միասնաբար աշխատանք տանիլ 2008 թուականի աւարտին անկախ, ժողովրդավար եւ գոյատեւելու կարողութիւնը ունեցող պաղեստինեան պետութիւն մը ստեղծելու համար»։
Միջազգային համայնքը 7.4 միլիառ տոլարի խոստում մը կատարեց, որուն 3.4 միլիառ տոլարը 2008ին պիտի յանձնուի պաղեստինեան իշխանութեան:
Եւրոպական միութիւնը միայն 2008ին համար խոստացաւ 650 միլիոն տոլար յատկացնել, իսկ Միացեալ Նահանգները՝ 555 միլիոն տոլար: Այս գումարը պէտք է վաւերացուի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին կողմէ:
Անկախաբար, Բրիտանիա՝ 500 միլիոն, Ֆրանսա՝ 300 միլիոն, իսկ Գերմանիա՝ 200 միլիոն տոլար խոստացան յանձնել յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին, իսկ Նորվեկիա՝ 120 միլիոն տոլար:
Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները եւս երեք տարիներու վրայ երկարող 500 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն խոստացան:
Ընդհանուր առմամբ Եւրոպական միութիւնն ու անոր անդամները 2007 թուականին պաղեստինցիներուն 1.45 միլիառ տոլար տրամադրած էին։ Այդ գումարը կը ներառէ ոչ միայն պաղեստինեան կառավարութեան տրամադրուած օժանդակութիւնը, այլ նաեւ՝ պաղեստինցիներուն օժանդակող միջազգային գործակալութեան տրամադրուած նուիրատուութիւնները։
Եւրոպական միութեան արտաքին յարաբերութեանց յանձնակատար Պենիթա Ֆերերօ Վալտնըր յայտնեց, որ 2009 եւ 2010 թուականներուն Եւրոպական միութեան օժանդակութիւնը կախեալ է կազմակերպութեան ընդհանուր ամավարկէն, սակայն ենթադրեց, թէ օժանդակութեան քանակը պիտի շարունակէ նոյնը մնալ։
Ֆերերօ եւ Ֆայեատ արաբական պետութիւններուն կոչ ուղղեցին յաւելեալ աշխատանք տանելու։ 2002 թուականէն ի վեր Արաբական լիկայի անդամ պետութիւնները պաղեստինցիներուն ամսական 55 միլիոն տոլար խոստացած են, սակայն այդ գումարը միշտ ամբողջութեամբ չեն տրամադրած։
Մինչ այդ, պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Երկուշաբթի օր ըսաւ, թէ ինք բացառած է մրցակից «Համաս» շարժումին հետ երկխօսութիւնը եւ ազդարարեց, թէ առանց միջազգային օժանդակութեան, «Համաս»ի հակակշռին տակ գտնուող Կազան «կ՚ուղղուի դէպի աղէտ»։
Կազան աշխարհէն մեկուսացուած է։ Իսրայէլ եւ Եգիպտոս անոր սահմանները խիստ հսկողութեան տակ առած են եւ պաշարումը առաւել եւս վատթարացուցած է տեղւոյն բնակչութեան վիճակը: