Հայկական դպրոցի նպատակն է հայապահպանում ու հայ դպրոցը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի գոյատեւումին սատարող գործօն օրրաններէն մէկը։ Ամէն հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհի, ի գին բարձր զոհողութիւններու, Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին կատարուելիք հանդիսութիւնները կը նկատէ ամէնէն շինիչ աշխատանքներէն մէկը, աշակերտութեան մօտ հայկական ոգիի աշխուժացման ու հարուստ մաշակոյթի հանդէպ իրենց սիրոյ ու յարգանքի արտայայտման յարմարագոյն առիթներէն մէկը։
Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին մեր վարժարանէն ներս քանի մը առիթներով աշակերտները բախտաւորութիւնը ունեցան մօտէն ծանօթանալու ու հաղորդուելու իրենց մշակոյթով։
Փասատինայի «Համազգային»ի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի
նախաձեռնութեամբ, դպրոց այցելեց հայկական ժողովրդային երաժշտական գործիքներու «Արարատ» նուագախումբը։ Տպաւորիչ էր տեսնել աշակերտութեան մօտ ստեղծուած խանդավառութիւնը, որ մղեց զիրենք շրջանակ կազմելու ու շուրջպարերով ընկերանալու հայկական դհոլի, զուռնայի ու սրինգի անոյշ եղանակներուն։
Աշակերտներուն համար հաճելի անակնկալ մըն էր նաեւ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախաձեռնութեամբ, հայրենիքէն ժամանած «Հայորդաց» երգչախումբի ու պարախումբի դպրոց այցելութիւնը։ Աշակերտները իրենց հայրենիքի տաղանդաւոր քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ ծանօթացան, մտերմիկ զրոյցներ ունենալով դպրոցի ճաշասեղաններուն շուրջ ու ապա միասնաբար խաղալով դպրոցի խաղավայրին մէջ։ Աշակերտները նաեւ հիացումով ու գնահատումով հանդիսատես եղան «Հայորդաց»ի ներկայացուցած հայկական պարերուն ու մարմնամարզական ճկուն շարժումներուն։
Դպրոցէն ներս, Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, աշակերտները իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու ղեկավարութեամբ կազմակերպեցին հանդիսութիւն մը՝ Մշակոյթի ամսուան նուիրուած։ Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 9ին դպրոցիս «Գալուստեան-Տունայեանց» սրահէն ներս։ Հանդիսութեան բացումը կատարեցին օրուան հանդիսավարները՝ Զ. կարգի աշակերտներ Լենա Սարգիսեան ու Ճորճ Բարսեղեան: Ապա երաժշտութեան ուսուցչուհիին ղեկավարութեամբ, մանկապարտէզէն չորրորդ դասարանի աշակերտները երգեցին «Մեսրոպեան տառեր» երգը, որմէ ետք Է. կարգի աշակերտուհի Ալիսըն Քէշիշեանը մենապարով մը՝ Արա Գէորգեանի եղանակներէն մէկուն ընկերակցութեամբ, հիացուց հանդիսատեսները իր նուրբ ու ճկուն շարժումներով։
Երրորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Անխելք մարդը», որ բեմականացուցած էր իրենց հայերէն լեզուի ուսուցչուհին, իսկ Զ. կարգի աշակերտներէն խումբ մը ներկայացուցին նոյն հեղինակին «Կիկոսի մահը», որը թատերական գործի վերածուած էր Սարգիս Մահսէրէճեանին կողմէ։ Հաճելի էր դիտել մեր աշակերտներուն դերակատարումները։ Անոնք հարազատօրէն կրցան ներկայացնել իրենց ստանձնած կերպարները եւ զուարթութեան ու խնդուքի հաճելի պահեր նուիրեցին իրենց ծնողներուն։
Ապա, Ե., Է. եւ Ը. կարգի աշակերտները յաջորդականութեամբ խմբային կերպով արտասանեցին Խաչիկ Դաշտենցի «Խօսէ հայերէն» եւ Վահան Թէքէեանի «Տաղ հայերէն լեզուին» ոտանաւորները։ Մթնոլորտը աւելի խանդավառուեցաւ երբ Զ. կարգի աշակերտուհիներէն Սինթիա Ալպարեան, իր ձեռքի ու դաստակի գեղեցիկ շարժումներով, մենապարով մը դիւթեց բոլորս։
Հարդիսութեան վերջին բաժնով Ե.-Ը. կարգի աշակերտները երգեցին Գ. Չթչեանի «Մայրենի լեզու» երգը, թնթացնելով սրահը։
Հանդիսութեան ընթացքին Զ. կարգի աշակերտներէն Ալէքս Պէրպէրեանն ու Սեւակ Ռըզեանը դաշնակի վրայ նուագեցին կոմիտասեան մեղեդիներ։
Յայտագրի աւարտին դպրոցիս տնօրէն Շահէ Մանկրեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք սատարած էին այս յայտագրի յաջողութեան, եւ ըսաւ. «Իրապէս հաճելի էր ակատես ըլլալ մեր աշակերտներուն ունեցած կարողութեանց ու տեսնել, թէ ինչպէս, իրենց հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու այս երկրին մէջ, սահունօրէն ու հեզասահօրէն կ’արտայայտուին իրենց մայրենի լեզուով»։
Տնօրէնէն ետք խօսք առաւ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Պարէտ Ծ. վրդ. Երէցեանը, որ գնահատեց դպրոցի տնօրէնութեան ու ուսուցչակազմին տարած ազգանուէր բոլոր աշխատանքները, որոնց նպատակակէտն է հայկական ոգին վառ պահել եւ ազգային գիտակցութիւն ու պատկանելիութիւն սերմանել աշակերտներուն մօտ։
Հանդիսութենէն ետք ծնողները ուրախ տրամադրութեամբ բաժնուեցան վարժարանէն, հոգեկան այն հանգստութեամբ որ իրենց զաւակները հայկական դպրոց յաճախելով առիթը կ’ունենան, հայերէն լեզուն ու պատմութիւնը սորվելու կողքին, մօտէն ծանօթանալու իրենց հարուստ մշակոյթին հետ, նմանօրինակ հանդիսութիւններու միջոցաւ։
Վարձքը կատար ձեռնարկին յաջողութեան սատարած բոլոր մասնակիցներուն։