ԹՐԵՆԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին, Նիւ Ճըրզիի նահանգապետ Ճան Քորզայն ստորագրեց անցեալ շաբթուան ընթացքին նահանգային խորհրդարանին ու Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուած այն օրէնքը, որ այսուհետեւ նահանգին մէջ մահապատիժը կը ջնջէր, զայն փոխարինելով ցմահ բանտարկութեան, առանց ներումի հաւանականութեան:
Նիւ Ճըրզիի մէջ արդէն իսկ 1963էն ի վեր մահապատոժ չէր գործադրուած, հակառակ այն իրողութեան, որ մահապատիժի օրէնքը վերահաստատուած էր 1982ին:
Նահանգը կը դառնայ 14րդը, ուր մահապատիժի օրէնքը ջնջուած է:
Յայտնենք, թէ 1976ին Գերագոյն ատեանը նահանգներուն արտօնութիւն տուած էր մահապատիժներ գործադրելու: Այդ թուականէն ի վեր 1099 հոգի մահապատիժի ենթարկուած է: