ԿԱԶԱ, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Աննափոլիսի մէջ կայացած Միջին Արեւելքի խաղաղութեան խորհրդաժողովին դէմ ցոյցի մը ընթացքին Երեքշաբթի օր սպաննուած պաղեստինցիին թաղման արարողութեան ընթացքին, պաղեստինեան ոստիկանութիւնը անգամ մը եւս բախում ունեցաւ սգաւորներուն հետ։ Ականատեսներ յայտնեցին, որ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հաւատարիմ ապահովական ուժերը օդը կրակեցին՝ ցրուելու համար Հեպրոնի մէջ թաղումին մասնակցող հարիւրաւոր սգաւորներ։ Առնուազն 24 հոգի վիրաւորուեցան, որոնցմէ մէկը՝ ծանրօրէն, եւ շարք մը անձեր ձերբակալուեցան։
Միւս կողմէ, պաղեստինցի պաշտօնատարներ յայտարարեցին, որ իսրայէլեան օդուժը հարաւային Կազայի մէջ գտնուող «Համաս»ի կեդրոն մը ռմբակոծած է Չորեքշաբթի օր, սպաննելով «Համաս»ի երկու անդամ եւ վիրաւորելով տասը ուրիշներ։
Յաջորդաբար երկրորդ օրը ըլլալով Աննափոլիսի խորհրդաժողովին դէմ ցոյցեր տեղի ունեցան Արեւմտեան Ափի ու Կազայի մէջ:
Խորհրդաժողովի պաղեստինցի քննադատներ ըսին, թէ խորհրդաժողովը կը գումարուի զօրակցելու համար պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Ապպասին եւ ականահարելու համար պաղեստինցիներուն երկարատեւ ձգտումները։
«Համաս» իր հակակշռին տակ առած է Կազան, իսկ Ապպասի կառավարութիւնը իր հակակշռին տակ կը պահէ Արեւմտեան Ափին մէկ մասը: Ապպասի կառավարութիւնը Աննափոլիսի խորհրդաժողովին նախօրեակին արգիլեց հրապարակային հաւաքները։
Նաեւ, Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ Հինգշաբթի օր յայտարարեց, թէ պաղեստինեան պետութեան մը կազմութիւնը իսրայէլեան շահերուն կը զուգադիպի եւ ազդարարեց, թէ այլապէս Իսրայէլ կրնայ Հարաւային Ափրիկէի օրինակով խտրականական կառավարման պարտադրուիլ, ինչ որ «Իսրայէլի պետութեան վերջը պիտի ըլլայ»:
Հինգշաբթի օր հրապարակուած հարցախոյզի մը արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ իսրայէլեացիներուն միայն 17 տոկոսը յոյս ունի, որ Աննափոլիսի խորհրդաժողովը խաղաղութեան համաձայնութեան մը պիտի առաջնորդէ Իսրայէլն ու պաղեստինեան իշխանութիւնը: