ՊՈԼԻՍ.- «Նիւ Եորք թայմզ» օրաթերթը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19ին հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ զինուորական իշխանութիւնները ձերբակալած են երկրին միակ քրտական օրինական կուսակցութեան՝ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան նորընտիր ղեկավար Նուրէտտին Տեմիրթաշը, որ զինուորական բանտի մը մէջ կը գտնուի ներկայիս:
Ենթական ամբաստանուած է առողջապահական տեղեկագիր մը կեղծելու յանցանքով, որպէսզի խուսափի զինուորական ծառայութենէն, սակայն անոր կուսակցութիւնը կը յայտնէ, թէ թրքական զինուորական ուժերու այս քայլը մաս կը կազմէ կուսակցութեան դէմ մղուող արշաւի մը, որու նպատակն է կուսակցութիւնը փակել:
Թուրք ազգայնամոլներ արդէն իսկ կուսակցութիւնը ապօրինի հռչակելու դիմում ներկայացուցած են: