ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Ուէլշ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19ին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի հետ, սակայն անտեսեց ընդդիմութիւն ներկայացնող Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում համախմբումի նախագահ՝ երեսփոխան զօր. Միշէլ Աունի հետ խորհրդակցելու կոչերը:
90 վայրկեան տեւած Ուէլշ-Պըրրի հանդիպումէն ետք յայտարարութիւն չկատարուեցաւ, սակայն Ուէլշ մէկ օր առաջ զայրացուցած էր Պըրրին, «Մուսթաքպալ» հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարելով, թէ խորհրդարանի նախագահը պատասխանատու է Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան կայացման։
«Լիբանանեան ընդդիմութիւնը կը խանգարէ երկրին մէջ գոյանալիք համախոհութիւնը եւ Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը վտանգի կ՚ենթարկէ՝ նախագահական ընտրութեան կայացումը արգիլելով», աւելցուցած էր Ուէլշ։
Ակնարկելով Ուէլշի այն յայտարարութեան, թէ Պըրրի պէտք է նախագահական ընտրութեան նիստ կատարելու իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ, Պըրրիի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի առաջին օրէն իսկ՝ Սեպտեմբեր 25էն, ստանձնած է իր պատասխանատուութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրել։ Խորհրդարանի նախագահը մնայուն կերպով յաջորդական նիստեր ճշդեց՝ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարելու համար։ Պըրրի իր պատասխանատուութիւններուն կը գիտակցի եւ կը յուսայ, որ բոլորն ալ պիտի գիտակցին իրենց պատասխանատուութիւններուն։ Թող Ուէլշ իր ճնշումները բանեցնէ անոնց վրայ, որոնք կը հնազանդին անոր, որպէսզի ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները»։
Պըրրի Չորեքշաբթի օր նաեւ յայտարարեց, թէ եթէ կացութիւնը այսպէս շարունակուի, «չնչին յոյսեր» կան Շաբաթ օր ծրագրուած նախագահի ընտրութեան նիստը գումարելու:
Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ եթէ Հարիրի չհամաձայնի ընդդիմութեան շնորհել յաջորդ կառավարութեան մէջ գործադիր իշխանութեան որոշումները սառեցնող անհրաժեշտ փոքրամասնութեան իրաւունքը, եւ եթէ Հարիրի հանդիպում մը չունենայ Աունի հետ, ապա նախագահական ընտրութեան 10րդ նիստը պիտի յետաձգուի։ Անոնք աւելցուցած են, թէ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար՝ երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթի միջեւ Երկուշաբթի օրուան հանդիպումը «առաւելագոյն չափով դրական էր եւ շինի»չ:
«Լիուա» օրաթերթը հաղորդեց, որ Պըրրի-Հարիրի հանդիպումներուն ընթացքին Պըրրի առաջարկած է յաջորդ կառավարութեան կազմը ճշդել «17 13»ի տարազով, այսինքն՝ իշխանամէտ ուժերուն 17 նախարար, իսկ ընդդիմադիր ուժերուն՝ 13։ Հարիրի մերժած է այդ տարազը եւ առաջարկած, որ ստեղծուի այլ տարազ մը, որուն հիման վրայ հանրապետութեան նախագահին կը տրուի 7 նախարար, ընդդիմութեան՝ 10, իսկ իշխանամէտներուն՝ 13: Այս վերջին տարազը իր կարգին մերժուած է Պըրրիի կողմէ, որովհետեւ անիկա կառավարութեան որոշումները սառեցնող անհրաժեշտ իրաւունքը չի տար ընդդիմութեան։