ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀՇ ներկայացուցիչ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Հինգշաբթի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին ներկայացուց 2008ի Փետրուար 19ի նախագահական ընտրութիւններուն իր առաջադրման փաստաթուղթերը: Լ. Տէր Պետրոսեան ԿԸՅ փաստաթուղթեր ներկայացուցած երկրորդ թեկնածուն է: Մէկ օր առաջ դիմում ներկայացուցած էր նաեւ «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արտաշէս Գեղամեանը:
Իրենց առաջադրման մասին յայտարարած են նաեւ ՀՀԿ նախագահ, վարչապետ Սերժ Սարգսեան, ԱԺՄ առաջնորդ Վազգէն Մանուկեան, Ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Կարապետեան, «Օրինաց երկիր» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Բաղդասարեան, ԼՂՀ նախագահի խորհրդական Արման Մելիքեան եւ բռնցքամարտիկ Իսրայէլ Յակոբկոխեան:
Հ.Յ.Դ.ն պիտի առաջադրէ Արմէն Ռուստամեանի կամ Վահան Յովհաննիսեանի անունը: «Նոր ժամանակներ» կուսակցութեան ղեկավար Արամ Կարապետեան, որ նոյնպէս յայտարարած էր իր թեկնածութիւնը, ոստիկանութեան անձնագրային վարչութենէն չէ ստացած վերջին տասը տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ մնայուն բնակութեան փաստաթուղթ: