ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի մէջ գործազրկութեան մակարդակը վերջին 7 տարիներուն 3 տոկոսով կրճատուած է՝ հասնելով 6.9 տոկոսի: Ըստ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան պաշտօնատար Սօնա Յարութիւնեանի, այժմ աշխատանք փնտռողներու թիւը Հայաստանի մէջ 94 հազար է, իսկ գործազուրկներունը՝ 75 հազար:
Այս մասին ան յայտնեց Դեկտեմբեր 18ին՝ «Աշխատաշուկան Հայաստանում. միտումներն ու մարտահրաւէրները» թեմայով համաժողովի ժամանակ:
Յարութիւնեան նշեց, որ հաշուառուած աշխատանք փնտռողներու եւ գործազուրկներու հիմնական մասը կը պատկանին 45-50 տարիքային խումբին, որոնցմէ գործազուրկ կանանց թիւը՝ ընհանուր թիւի շուրջ 70 տոկոսն է:
Գործակալութեան պետի գնահատումով, Հայաստանի աշխատաշուկային մէջ կայ առաջարկի եւ պահանջի անհամապատասխանութիւն՝ տարածքներու, սեռային, տարիքային կազմի, մասնագիտական կարողութիւններու առումներով: Ի տարբերութիւն մարզերու, Երեւանի մէջ աշխատաշուկան համեմատաբար զարգացած է: Երեւանի մէջ թափուր աշխատատեղերու 80 տոկոսը բանուորական մասնագիտութիւններու գծով են, իսկ մարզերուն մէջ՝ մանկավարժներու, բժիշկներու, հաշուապահներու եւ իրաւաբաններու մասնագիտութիւններու:
Անդրադառնալով Հայաստանի աշխատաշուկայի խնդիրներուն՝ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Աղուան Վարդանեան նշեց, որ այս համաժողովը կը նպաստէ նշուած ոլորտին մէջ ճիշդ քաղաքականութեան մշակման. «Վերջին տարիներին մեր հանրապետութիւնում գրանցուած տնտեսական աճը, կեանքի որակի փոփոխութիւնները պարտադրում են անդրադառնալ աշխատաշուկայում առկայ խնդիրներին, հնարաւոր զարգացումներին եւ մարտահրաւէրներին: Այս ոլորտում առանց ճիշդ մշակուած քաղաքականութեան հնարաւոր չէ կայուն զարգացում եւ բնակչութեան բարեկեցութեան ապահովում», ըսաւ նախարարը:
Յայտնենք, որ համաժողովը կազմակերպած էին աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը, ԱՄՆ ՄԶԳ հայաստանեան գրասենեակի ընկերային պաշտպանութեան համակարգերու հզօրացման ծրագիրը, Հետազօտական աղբիւրներու կովկասեան կեդրոններու հայաստանեան գրասենեակը եւ աշխատանքի պետական գործակալութիւնը: