ՊՐԱԶԻԼԻԱ, «Ռոյթըրզ».- Աշխարհի տարածքին ապրուստի ամենալաւ պայմանները ունեցող երկիրներու իր տարեկան ցանկին մէջ, ՄԱԿը այս տարի Իսլանտան նկատած է լաւագոյնը, որ առաջ անցած է անցեալ տարուան առաջատար Նորվեկիայէն:
ՄԱԿի Մարդկային զարգացման ցուցակին հակառակ կողմը կը գրաւեն ընդհանրապէս ափրիկեան երկիրներ:
Ցուցակին մէջ 3-5 դիրքերը կը գրաւեն յաջորդաբար Աւստրալիա, Քանատա եւ Իրլանտա, մինչ Միացեալ Նահանգները շարունակած է նահանջ արձանագրել, իջնելով 12րդ դիրքին, անցեալ տարուան ութերորդ դիրքին փոխարէն:
ՄԱԿի ուսումնասիրութեան մէջ նկատի առնուած են 175 երկիրներու, ինչպէս նաեւ Հոնկ Քոնկի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան հսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն տուեաները: 17 այլ երկիրներ նկատի չեն առնուած, ոչ ամբողջական տուեալներու պատճառով: Այս վերջիններուն մէջ կան Իրաքը, Աֆղանիստանը եւ Սոմալիան:
Ցուցակին մէջ նկատի առնուած են շարք մը ազդակներ, ներառեալ երկարակեցութեան, կրթութեան մակարդակի եւ եկամուտի տուեալները:
Յատկանշական է, որ այս տարուան ցուցակին հրապարակումէն առաջ Նորվեկիա յաջորդական վեց տարիներ գրաւած էր առաջին դիրքը:
Միջին հաշուով ամենաբարձր եկամուտը ունին Լիւքսեմպուրկի քաղաքացիները (60,228 տոլար), մինչ Միացեալ Նահանգներ կը գրաւէ երկրորդ դիրքը՝ 41,890 տոլարով: Երկարակեցութեան ամենաբարձր համեմատութիւըն ունի Ճափոնը՝ 82.3 տարիով, իսկ ամենացածը՝ Զիմպապուէյը, 40.5 տարիով: ՄԱԿը 1990էն ի վեր կը հրապարակէ իր Մարդկային զարգացման ցուցակը: