ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ».- Լիբանանի խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ նախագահական ընտրութեան ծիրին մէջ համախոհութեան գոյացման համար յաւելեալ խորհրդակցութիւններ կատարելու նպատակով, խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի նախագահական ընտրութեան նիստը յետաձգած է:
Նիստը պիտի գումարուի յառաջիկայ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7ին, այն յոյսով, որ մինչեւ այդ թուականը կարելի կ’ըլլայ սահմանադրութիւնը բարեփոխելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, որու շնորհիւ նախագահ պիտի ընտրուի լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Միշէլ Սլէյմանը: