ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրէսական Ատըմ Շիֆ երէկ խստօրէն պախարակեց թրքական «Զաման» թերթը, որ խեղաթիւրած է իր արտայայտութիւնները թրքական պատուիրակութեան մը հետ իր հանդիպումին կապակցութեամբ:
«Զաման»ի լրատուութեան խորագիրն է՝ «Ամերիկացի դեմոկրատ Շիֆ «անակնկալի մատնուած» հայկական հարցով թրքական կողմի տեսակէտով» եւ կը ներառէ մէջբերում մը Շիֆի կողմէ, որ բացարձակապէս շինծու է, կ’ըսէ քոնկրէսականին գրասենեակէն «Ասպարէզ»ի հասած հաղորդագրութիւնը:
Շիֆ յայտարարեց. «Ես պատուիրակութեան ըսի, թէ պատմական փաստերը անուրանալի են, որ 1.5 միլիոն հայեր ջարդուած են Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-23ի միջեւ եւ թէ այս ողբերգութիւնը կը հանդիսանայ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Ըսի, թէ կը հաւատամ, որ Ցեղասպանութեան գծով տասնամեակներու ուրացումը «կրկնակի սպանութիւն» է եւ միլիոնաւոր հայեր տակաւին կը տառապին, հակառակ անոր, որ 90է աւելի տարիներ անցած են այդ թուականէն»:
Քոնկրէսականը աւելցուց, թէ ինք ակնկալութիւն չունէր, որ թրքական պատուիրակութիւնը ընդունէր իր տեսակէտները, «միաժամանակ չէի ակնկալեր իրենցմէ, որ ամբողջութեամբ խեղաթիւրեն իմ տեսակէտներս, չէի ակնկալեր, որ թերթը իմ կողմէս սխալ մէջբերում կատարէ՝ առանց գրասենեակիս հետ կապուելով ստուգում կատարելու»:
Շիֆ շարունակեց ըսելով, որ այս դէպքը եւս մաս կը կազմէ ուրացման շղթային:
Աւելցնենք, որ քոնկրէսականը այս հարցով նամակ մը յղած է «Զաման» թերթին, որ կարելի կարդալ մեր կայքէջին մէջ՝ www.asbarez.com: