ԴԷՏԵՐՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ԽՄԲԱԳԻՐԻՆ ԴԷՄ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾ ԽՈՒԼԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐ ՈՒՆԻՆ
Քանի մը շաբաթ առաջ Ատրպէյճանի ընդդիմութեան առաջատար օրաթերթերէն մէկուն խմբագիր Կանիմաթ Զահիտովի ձերբակալութիւնը, «խուլիկանութեան» ամբաստանութեամբ այլ հարուած մըն է Ատրպէյճանի խօսքի ազատութեան դէմ, կ՚ըսեն միջազգային դէտեր։
Զահիտով, որ խմբագիրն է Ատրպէյճանի արդի ժամանակաշրջանի առաջին անկախ «Ազատլիկ» օրաթերթին, որ սերտ կապեր ունի ընդդիմադիր Ժողովրդային ճակատ կուսակցութեան հետ, վերջերս հրատարակած էր նախագահ Իլհամ Ալիեւին վարչակարգը քննադատող շարք մը յօդուածներ։
Ըստ Զահիտովի դէմ ուղղուած ամբաստանութեան, ան խոշտանգած էր կին մը եւ ծեծած՝ երիտասարդ մը, օրաթերթին խմբագրատան շէնքին դիմաց։
Մարդկային իրաւանց գործիչներ կ՚ըսեն, թէ դէպքը բեմադրուած սադրանք մըն էր։
«Այդ մէկը աննախընթաց եւ ծիծաղելի ամբաստանութիւն մըն է», դիտել տուաւ Լրագրողներու ազատութեան եւ ապահովութեան հիմնարկի տնօրէն Էմին Հիւսէյնլի։ «Երեւակայեցէք առաջատար ընդդիմադիր թերթի մը գլխաւոր խմբագիրը իր օրաթերթին խմբագրատան դիմաց կը խոշտանգէ անծանօթ կին մը եւ անոր փրկութեան փութացող երիտասարդ մը, եւ ապա լրագրողը ծեծի կ՚ենթարկէ երկուքը։ Ատկէ ետք կինն ու երիտասարդը ոստիկանութեան կը դիմեն եւ գիշերուան ժամը տասնմէկին լրագրողը կը ձերբակալուի յատուկ գործողութեամբ մը՝ իբրեւ վտանգաւոր ոճրագործ մը։ Արդեօք այդ մէկը իտէալ ձեւը չէ՞ լռեցնելու համար քննադատող լրագրող մը», հարց կու տայ Հիւսէյնլի։
Զահիտովի ձերբակալութիւնը, այս տարի տեղի ունեցած շարք մը ականաւոր լրագրողներու ձերբակալութիւններուն կողքին, լայնօրէն քննադատուեցաւ։ Մամլոյ ազատութեան ԵԱՀԿի ներկայացուցիչ Միքլոս Հարասծի յայտարարեց, թէ «մտահոգ էր Ատրպէյճանի մէջ անկախ մամուլին դիմագրաւած ծանր կացութեամբ», աւելցնելով, թէ Զահիտովի ձերբակալութեամբ իննի հասաւ կասկածելի ամբաստանութիւններով բանտ գտնուող ատրպէյճանցի լրագրողներուն թիւը։
Հակառակ բողոքներուն՝ տակաւին նոր լրագրողներու ձերբակալութիւնը, կ՚ըսէ Հիւսէյնլի, ցոյց կու տայ, թէ այդ ձերբակալութիւնները քաղաքական դրդապատճառներ ունին, իսկ Ատրպէյճանի նախագահական վարչամեքենայի հանրային բաժանմունքի վարիչ Ալի Հասանով դիտել տուաւ, թէ «բոլոր քաղաքացիներուն նման, լրագրողներն ալ պէտք է հասկնան օրէնքին առջեւ իրենց պատասխանատուութիւնը», եւ թէ՝ «ոչ մէկ կապ գոյութիւն ունի խօսքի ազատութեան եւ վարկաբեկիչ վարմունքին միջեւ»։
Զահիտով դատավարութեան սկսելէն առաջ երկու ամսուան բանտարկութեան դատապարտուած է եւ յանցաւոր գտնուելու պարագային, կը նշէ իր փաստաբան Օսման Քազիմով, կրնայ հինգ տարուան բանտարկութիւն ստանալ։
«Ես խենթ չեմ, ոչ ալ՝ տաքարիւն պատանի մը, որ խոշտանգեմ կին մը օր ցերեկով», բացատրեց Զահիտով իր հարցաքննիչին։ «Ես կը վերադառնայի բանտ, եղբօրս՝ Սաքիթին տուած այցելութենէս եւ կ՚երթայի գործի։ Ես ուշադրութիւն չըրի գրասենեակիս դիմաց կանգնած կնոջ։ Յանկարծ ան սկսաւ հայհոյել եւ զիս ամբաստանել իբր թէ իրեն խօսք մը ուղղած ըլլալուս համար։ Ապա կտրիճ մարմնով երիտասարդ մը յանկարծ յայտնուեցաւ եւ սկսաւ հարուածել զիս։ Ես ինքզինքս պաշտպանեցի կրցածիս չափ», շարունակեց պատմել Զահիտով։
Զահիտովին եղբայրը, որ երգիծական բանաստեղծ մըն է եւ դարձեալ աշխատակից՝ «Ազատլիկ»ի, երեք տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր Յունիս 2006ին, թմրեցուցիչի սեփականութեան յանցանքով։ Անոր բանտարկութեան համար եւս Ատրպէյճան արժանացած էր միջազգային խիստ քննադատութիւններու։
Ըստ Զահիտովի մտերիմ բարեկամ Ազէր Ռաշիտօղլուի, Զահիտով յաճախ կ՚այցելէր իր եղբօրը՝ տան ճաշ եւ դեղորայք տանելու համար անոր։ Իր կնոջ եւ չորս զաւակներուն կողքին, ան կը հոգար նաեւ իր եղբօրը ընտանիքին՝ կնոջ եւ հինգ զաւակներուն կարիքները։
Ռաշիտօղլու նշեց նաեւ, թէ ծանօթ էր հայցուոր Վուզալ Հասանովին (Զահիրովին նկարագրած «կտրիճ» երիտասարդին), որ ընդդիմադիր գործիչներու դէմ կատարած էր 2005ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Իսկ «Ազատլիկ»ի տնօրէն Ազէր Ահմէտով կը հաւատայ, թէ Զահիրովի ձերբակալութիւնը կապ ունէր կառավարութեան կարգ մը անդամներուն դէմ անոր քննադատական գրութիւններուն հետ։
Մամլոյ իրաւունքներու հիմնարկի տնօրէն Ռաշիտ Հաճիլի դիտել տուաւ, թէ «երկու տարիէ ի վեր ԵԱՀԿն ու Եւրոպական միութիւնը կոչ կ՚ուղղեն, որ Ատրպէյճան վարկաբեկման դէմ օրէնք մը վաւերացնէ, սակայն իշխանութիւնները կ՚ըսեն, թէ ատրպեճանական ընկերութիւնը պատրաստ չէ տակաւին»։ «Հետեւաբար,- կը շարունակէ ան,- կրնանք ակնկալել, որ լրագրողներ շարունակեն ձերբակալուիլ այդ ձեւի ամբաստանութիւններով»։
Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարկի տնօրէն Լէյլա Եունուս նշեց, թէ «Ռիալնի Ազերպայճան» օրաթերթի աշխատակից Էյնուլլա Ֆաթուլլայեւ եւ Զահիտով ամէնէն խնդրայարոյց լրագրողներէն կը սեպուին իշխանութիւններուն կողմէ։ Այս տարուան սկիզբը Ֆաթուլլայեւ ութուկէս տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ «ահաբեկչական սպառնալիքներու» ամբաստանութեամբ։
Վերջին դէպքերը իշխանութիւններուն նկատմամբ քննադատական յօդուածներ ստորագրող լրագրողներուն մտահոգութիւն պատճառած են։ «Գրասենեակ գալու կամ տուն վերադառնալու միջոցին միշտ զգուշ եմ», նշեց վեթերան լրագրող Ռաուֆ Միրքատիրով, որ «Զերքալօ» օրաթերթի քաղաքական վերլուծաբաններէն է։ «Պէտք է ընդունիլ, որ ներքին զգացում մը աճած է բոլորիս մէջ։ Մեզմէ ոչ ոք պաշտպանուած է Կանիմաթին պատահածին նման դէպքի մը դէմ։ Թերեւս յատուկ ծրագիր մը կայ բոլորս չէզոքացնելու։ Միայն ժամանակը կը բացայայտէ իրականութիւնը», դիտել տուաւ ան։
«ԻՆՍԹԻԹԻՈՒԹ ՖՈՐ ՈՒՈՐ ԷՆՏ ՓԻՍ»
22 Նոյեմբեր