ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Առողջապահութեան եւ ելեւմուտքի ու տնտեսութեան նախարարներուն կողմէ միասնաբար կը մշակուի բժիշկներու՝ մայրաքաղաքէն մարզեր մեկնելու եւ մարզերուն մէջ կատարուած աշխատանքներու փոխհատուցման նոր կարգ: Այս մասին Դեկտեմբեր 20ի կառավարութեան նիստին յաջորդած ասուլիսի ընթացքին յայտնեց առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեան եւ նշեց, որ «մարզեր պէտք է գնան պարտադիր որակեալ մասնագէտներ՝ ոչ պակաս, քան 6 ամսով: Նրանց համար, բացի բարձր աշխատավարձից, պէտք է ապահովենք նաեւ մի քանի այլ արտօնութիւններ, օրինակ, նրանց համար պահպանուի մայրաքաղաքում մինչ տեղափոխուելը ունեցած աշխատատեղը», ըսաւ նախարարը: