Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէս իր կեցութեան ընթացքին, փրոֆ. դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան տուաւ երկու դասախօսութիւններ: Առաջինը իբրեւ զեկուցաբեր մասնաւորապէս հրաւիրուած Միջազգային երկրորդ հանդիպումին, որուն նիւթն էր «Ցեղասպանութեանց ընկերային կիրարկումներու վերլուծումը», կազմակերպուած «3 Փետրուար» Ազգային համալսարանի (ՈՒՆԹՐԷՖ) կողմէ, եւ որուն ընթացքին ան ներկայացուց «Հայկական Ցեղասպանութեան ընկերային երեսները իբրեւ նախատիպար 20րդ դարու ցեղասպանութիւններուն» նիւթը։
Իսկ երկրորդ դասախօսութեան նիւթն էր «Հայկական Ցեղասպանութիւն՝ պատմութիւն եւ այժմէութիւն», այս անգամ կազմակերպուած Պուէնոս Այրէսի համալսարանի գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ազատ ամպիոնին եւ Հայ կեդրոնի վարչութեան կողմէ։ Այս վերջինը տեղի ունեցաւ «Թէքէեան» մշակ. միութեան կեդրոնատեղիին մէջ։
Առաջին դասախօսութեան ընթացքին, փրոֆ. Ռ. Յովհաննէսեան նախ յիշեց այն զարգացումները, որ արձանագրուեցան Հայկական Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններուն մէջ, 1982ին Թէլ Աւիւի մէջ կայացած հանդիպումէն ասդին, ուր ներկայացուած էին բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին: Այս աշխատասիրութիւններուն մեծ մասը՝ պատրաստուած հայ հեղինակներու կողմէ, ունէին նկարագրական բնոյթ, կարծես տարհամոզելու աշխարհը, որ մոռցած էր հրէական Ողջակիզումէն առաջ պատահած այս ցեղասպանութիւնը:
Մօտիկ անցեալին, զեկուցաբերները յուզումով կը խօսէին իրենց անձնական փորձառութիւններու մասին՝ իբրեւ ականատես վկաներ, ինչպէս եւ իրենց անմիջական յաջրորդները, բայց տարօրինմակ կերպով, Եղեռնին յաջորդող երրորդ սերունդին մօտ եւս կը շարունակուի նոյն զգացողութիւնը, ոչ միայն իբրեւ ողբերգական պատահար, ոչ միայն իբրեւ սոսկում պատերազմ կորսնցնող հատուածի մը, այլ իբրեւ շփոթ, զայրոյթ եւ յուսախաբութիւն, հետեւանք՝ Ցեղասպանութեան ենթադրած վերապրումներուն։
Քաղաքական գետնի վրայ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը տակաւին չէ ճանչցած Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իբրեւ հետեւանք թուրք պետութեան ճնշումին, քանի որ ԱՄՆ կ՚օգտագործէ Թուրքիոյ օդային միջոցներն ու զինուորական խարիսխները Իրաքի պատերազմին մէջ։ Կը թուի, թէ 90 տարի առաջ պատահած դէպքի մը ճանաչումով՝ քոնկրէսականները յանցաւոր եւ մեղսակից պիտի նկատեն Իրաքի մէջ կռուող ամերիկացի զինուորները եւ հետեւաբար պատճառ պիտի ըլլան անոնց տառապանքին։
Ինչ կը վերաբերի Օսմանեան կայսրութեան, անոր վերագրուող հանդուրժողականութիւնը առասպել մըն է, որովհետեւ այդ հանդուժողութիւնը խարսխուած էր անհաւասարութեեան եւ երկրորդ կարգի քաղաքացիութան վրայ։ Անհաւատարիմը հաւաքաբար ստորագնահատուած էր եւ արհամարհուած: Ընկերութեան մը մէջ, ինչպիսին է թրքականը, հաւասարութեան իրաւունք պահանջելը կ՚ընդունուէր իբրեւ սպառնալիք, հետեւաբար կը նկատուէր պատժելի արարք մը։ Այս է, որ պատահեցաւ 19րդ դարուն, երբ որոշ հաւասարութիւններու պահանջը հայերու կողմէ, դիմաւորուեցաւ յաջորդական ջարդերով, 1894-1896 տարիներուն, սուլթան Ապտիւլ Համիտի գահակալութեան շրջանին։ Ցեղասպանութեան սկզբնաւորութիւնն էր։ Այս կոտորածները բացայայտեցին հայերու խոցելիութիւնը, ինչպէս 30ական թուականներուն պատահեցաւ հրեաներուն Գերմանիոյ մէջ ու այս ձեւով թոյլ տալով Ցեղասպանութեան գործադրումը՝ անպատիժ կերպով։
Երիտասարդ թուրքերու ընկերային քաղաքականութիւնը կրնայ նկատուիլ իբրեւ ընկերային ճարտարագիտութիւն։ Թուրք ազգ-պետութեան մը ստեղծումին մեծագոյն սպառնալիքը՝ հայութեան զանգուածային ներկայութիւնն էր, որ տակաւին կ՚ապրէր իր պատմական հողերուն վրայ։ Թուրք պետութիւնը պէտք է ձերբազատուէր այս սպառնալիքէն, ինչպէս նաեւ ոչ-մահմետական բոլոր բնակիչներէն՝ ասորի, յոյն, եզիտի, այնուհետեւ պէտք է թրքացուէր քիւրտ բնակչութիւնը։ Քեմալական շրջանին, ուրիշ փոքրամասնութիւններ ջնջուեցան, ինչպէս Տերսիմի եւ այլ շրջաններու ալեւիները։
Դոկտ. Ռ. Յովհաննէսեան անդրադարձաւ նաեւ տնտեսական գործօնին, որ կ՚ենթադրէր հարստութեան փոխանցումը մէկ խմբակցութենէն դէպի միւսը՝ ի հաշիւ հայերու, յոյներու եւ հրեաներու։ Այս քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ 1940ական թուականներուն, երբ Թուրքիա տարապայման տուրքեր դրաւ («Ա.».- Ծանօթ՝ իբրեւ «Վարլըք վերկիսի», ունեւորութեան տուրք) իր հողամասին վրայ ապրող փոքրամասնութիւններուն վրայ, փճացնելու համար անոնց տնտեսութիւնը, ինչպէս եւ վերջ տալու համար անոնց ներկայութեան։
Ուրեմն, Հայկական Ցեղասպանութիւնը կրնայ նկատուիլ նախատիպար մը բազմաթիւ իմաստներով արդի ազգայնական վարչակարգերու հոլովոյթին համար, մասնաւորաբար անոնց, որոնք խարսխուած են այնպիսի գաղափարախօսութեանց կամ կառոյցներու վրայ, որոնք կ՚արդարացնեն ծայրայեղ բռնութիւնը՝ պաշտպանուելու համար պետութեան իրական կամ երեւակայական թշնամիներէն, եւ որոնք ազգայնամոլական, օտարատեաց եւ ցեղապաշտական ծրագիրներ կ՚որդեգրեն։
«Թէքէեան» մշակ. միութեան հաւաքատեղիին մէջ տրուած դասախօսութեամբ, դոկտ. Ռ. Յովհաննէսեան ներկայացուց այն կացութիւնը, որ կը տիրէ ներկայիս Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական նահանգներու մէջ, ուր ինք անձնապէս այցելած է վերջերս։ Այս շրջաններու բնակչութիւնը մատնուած է ծայրայեղ աղքատութեան, լքուածութեան եւ ցաւալի վիճակի։ Հայկական ճարտարապաետութեան սքանչելի կառոյցներ ունեցող այս շրջանները դատապարտուած են քանդումի եւ փճացումի։